Որոնել

2025.01.07 Celebrazione del Natale armeno a Antelias

Աստուծոյ Որդոյն Սուրբ Ծննդեան տօնին առիթով մատուցուեցաւ Հայրապետական Սուրբ Պատարագ

«ԱՍՏՈՒԱԾ ՄԵԶԻ ՀԵՏ – Ա՛ՅՍ Է ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ ՈՒ ՊԱՏԳԱՄԸ ԲԵԹՂԵՀԷՄԻՆ» - Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Քրիստոսի Սուրբ Ծննդեան, Աստուածայայտնութեան եւ մկրտութեան տօները հանդիսաւորապէս նշուեցան հայրապետական Սուրբ եւ Անմահ Պատարագի մատուցմամբ, ձեռամբ Սուրբ Աթոռոյս գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Հայրապետին, Երկուշաբթի, 6 Յունուար 2025-ին, Անթիլիասի Մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ։

Սուրբ խորանին վրայ Վեհափառ Հայրապետին կողքին առընթերակայ եպիսկոպոսներն էին Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան եւ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան։ Սուրբ Պատարագին երգեցողութիւնը կատարեց Կաթողիկոսարանի «Շնորհալի» երգչախումբը։

Հաւատացեալներու շարքին ներկայ էին նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանն ու դեսպանատան անձնակազմը, պաշտօնական անձնաւորութիւններ, երեք հայկական կուսակցութիւններու եւ զանազան միութիւններու ու կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ:

Սուրբ Պատարագի ընթացքին, «Լոյս ի լուսոյ» հոգեթով շարականին երգեցողութեամբ, Շահան արքեպիսկոպոս Միւռոնաթափ Աղաւնին Սուրբ Երրորդութեան խորանէն բերաւ Սուրբ Խորան, ուր ձեռամբ Նորին Սուրբ Օծութեան կատարուեցաւ Քրիստոսի մկրտութիւնը խորհրդանշող ջրօրհնէքի աւանդական արարողութիւնը։ Ապա, Վեհափառ Հայրապետը մեր ժողովուրդի զաւակներուն ուղղեց Սուրբ Ծննդեան իր հայրապետական պատգամը։

Հայրապետը ըսաւ, որ Մատթէոս աւետարանիչ խօսելով Աստուծոյ Որդւոյն ծնունդին մասին՝ զայն կը բնորոշէ իբրեւ «Աստուած Մեզի հետ» (1։23): Արդարեւ, երկինքէն երկիր իջած, Բեթղեհէմի մէջ ծնած ու աշխարհին յայտնուած Աստուծոյ Որդին եղաւ Աստուծոյ շօշափելի ներկայութիւնը մարդկային կեանքին մէջ: Մարդկային բնութիւն ստանալով ու մարդու փրկութեան Իր առաքելութիւնը իրագործելով՝ Քրիստոս գործնապէս եղաւ մարդուն հետ. Աստուծոյ Որդին դարձաւ Մարդո՛ւ Որդի: Մարդուն հետ նոյնանալով Քրիստոս երկնային արժէքներով պայծառակերպեց մարդուն կեանքը՝ անոր մէջ վերականգնելով Աստուծոյ անկեալ պատկերը եւ Իր խաչով ու յարութեամբ մարդը առաջնորդելով դէպի վերամարդկայնացում. այլ խօսքով, մարդու ազատագրումը մեղքէն ու անոր փրկութիւնը: Ահա՛ խորհուրդը Բեթղեհէմի մէջ յայտնուած Աստուծոյ Որդւոյն: Առաքեալը անդրադառնալով Բեթղեհէմի խորհուրդին՝ կ՚ըսէ, «եթէ Աստուած մեզի հետ է ո՞վ կրնայ մեզի հակառակ ըլլալ» (Հռոմ. 8. 31): Ահա՛ պատգամը Բեթղեհէմին դարերէն եկող ու յաւիտենականութեան գացող: Աստուած մեզի հետ է՝ եթէ մենք Աստուծոյ հետ ենք: Հետեւաբար, Աստուծոյ ներկայութեամբ զօրացած, ո՞վ կրնար մեզի հակառակ ըլլալ: Եթէ Բեթղեհէմն է իր խորհուրդով ու պատգամով մեր հաւատքին, սիրոյ ու յոյսին աղբիւրը, ո՞վ կրնայ մեր հաւատքն ու յոյսը տկարացնել: Դարեր շարունակ, մեր հաւատքը յոյսով շաղախած եւ մեր յոյսը հաւատքով զօրացուցած մեր ժողովուրդը մնաց պատմութեան արհաւիրքներուն մէջ. հալածանք թէ ցեղասպանութիւն չկրցան մեր ժողովուրդի կեանքէն վանել Բեթղեհէմին հաւատքն ու յոյսը:

Ապա, Վեհափառ Հայրապետը խօսելով մեր ժողովուրդի ներկայ կացութեան մասին՝ ըսաւ. «Որեւէ ժամանակէ աւելի մեր ժողովուրդը կարիքը ունի իր հաւատքին ու յոյսին վերանորոգման: Կ’ապրինք տագնապներով լեցուն անորոշ ու տխուր ժամանակներու մէջ, թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ Սփիւռքի մէջ: Հայաստանէն ներս վերջին տարիներուն պարզուած վիճակը, իր ներքին թէ արտաքին երեսներով, մեր Հայրենիքը կրնայ առաջնորդել նորանոր տագնապներու: Այս գծով, մեր մտահոգութիւնը եւ տեսակէտը բազմաթիւ առիթներով պարզած ենք։

«Սփիւռքի մէջ, յատկապէս Լիբանան ու Սուրիա, մեր համայնքները կը շարունակեն դիմագրաւել լուրջ մտահոգութիւններ: Ծանօթ են վերջին շրջանին Լիբանանի մէջ ստեղծուած պայմանները, շարունակուող ընկերատնտեսական տագնապը ու քաղաքական անորոշութիւնը: Մեր սպասումն է, աւելի ճիշդ՝ պահա՛նջքը, որ Յունուար 9-ին տեղի ունենալիք խորհրդարանական նիստին ընտրուի հանրապետութեան նոր նախագահը, որուն պարտաւորութիւնը պէտք է ըլլայ Լիբանանի միասնականութիւնը ամրապնդել, ընկերատնտեսական վիճակը բարելաւել եւ նոր կառավարութեան կազմութեամբ Լիբանանը առաջնորդել դէպի վերականգնում ու զարգացում: Լիբանանի հայ համայնքը, որպէս երկրին գլխաւոր համայնքներէն մէկը, միշտ պատրաստ է իր ամբողջական մասնակցութիւնը բերելու այն բոլոր նախաձեռնութիւններուն ու աշխատանքներուն, որոնց նպատակը Լիբանանի հզօրացումն է:

«Դարձեալ ծանօթ է, Սուրիոյ մէջ վերջին ամիսներուն ստեղծուած նոր կացութիւնը: Այնտեղ եւս մեր համայնքը քրիստոնեայ գլխաւոր համայնքներէն մէկն է: Հին դարերէն սկսեալ Սուրիոյ մէջ հայ համայնքը ներկայութիւն եղած է: Սուրիայէն ներս ստեղծուած նոր իրավիճակին գծով Մենք կը զօրակցինք քրիստոնեայ միւս համայնքներու տեսակէտերուն ու սպասումներուն: Քրիստոնեայ համայնքները սովորական իմաստով փոքրամասնութիւններ չեն. անոնք պատմականօրէն մաս կը կազմեն Սուրիոյ ժողովուրդին: Հետեւաբար, անհրաժեշտ է, որ անոնց իրաւունքները յարգուին ու պաշտպանուին, յատկապէս նոր կազմուելիք սահմանադրութեան ճամբով, ինչպէս նաեւ կառավարութեան ու պետական կառոյցներու իրենց գործօն մասնակցութեամբ»:

Շարունակելով իր պատգամը՝ Վեհափառ Հայրապետը նաեւ շեշտեց Լիբանանի ու Սուրիոյ հայութեան գործնապէս զօրավիգ կանգնելու հրամայական անհրաժեշտութիւնը, որովհետեւ անոնց վերականգնումը իր դրական նպաստը պիտի ունենայ թէ՛ Հայաստանի հզօրացման, թէ՛ մեր ազգային իրաւունքներու հետապնդման եւ թէ՛ Միջին Արեւելքի մէջ հայ ժողովուրդին զօրեղ ներկայութեան իմաստով: Այս առումով Նորին Սրբութիւնը ընդգծեց Սփիւռքի վերակազմակերպման կարեւորութիւնը: Ան ըսաւ, «որպէսզի կարենանք Սփիւռքի մէջ հայ լեզուին, մշակոյթին, մեր արժէքներուն, այլ խօսքով մեր ինքնութեան ու հայօրէն գոյութեան նահանջին դէմ պայքարիլ, հրամայական է Սփիւռքի վերակազմակերպումը՝  իրապաշտ մօտեցումով եւ մասնակցութեամբ հայ կեանքէն ներս գործող բոլոր կառոյցներուն ու մանաւանդ մեր երիտասարդներուն»:

Իր պատգամի աւարտին, Արամ Ա. Կաթողիկոս ըսաւ. «ճիշդ է, մենք ամէն տեղ շրջապատուած ենք տագնապներով, սակայն, դարձեալ Առաքեալին բառերով՝ եթէ Աստուած մեզի հետ ո՞վ կրնայ մեր հաւատքն ու յոյսը տկարացնել: Եթէ մեր երիտասարդութիւնը մեր շուրջն է՝ ո՛չ մէկ ոյժ կրնայ մեզ առաջնորդել դէպի նահանջ ու յուսահատութիւն: Եթէ մեր ժողովուրդը իր բոլոր կառոյցներով միակամ է, ով կրնայ տկարացնել մեր հաւատքը, կամքը ու յոյսը: Ահա՛ Բեթղեհէմէն եկող պատգամը մեր ժողովուրդին», եզրափակեց իր պատգամը Վեհափառ Հայրապետը: 

Սուրբ Պատարագէն ետք, Վեհարանի դահլիճին մէջ, Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց մեր հայրենակիցներուն ու պաշտօնական անձնաւորութիւններուն նոր տարուան եւ Քրիստոսի Սուրբ Ծննդեան շնորհաւորութիւնները։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/01/2025, 08:05