Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարք` Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ-ի ամանորեայ պատգամը
Նոր տարուան սեմին եւ «Խաղաղութեան համաշխարհային օր»-ուան առիթով՝ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ն.Ա.Գ.Տ.Տ. Ռափայէլ-Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս-Պատրիարքը պատգամ մը կը յղէ Եկեղեցիին հովիւներուն, առաջնորդներուն ու եպիսկոպոսներուն, ինչպէս նաեւ Եկեղեցիին զաւակներուն, ուր ալ կը գտնուին հայրենիքէն ներս կամ սփիւռքի տարածքին՝ դիմելով Տիրոջ, որ 2025 նոր տարին բարօրութիւն եւ օրհնութիւն բերէ, առողջութիւն ու կորով շնորհէ եւ բոլորն ուղղէ դէպի ապահով կեանք մը՝ ապրելու իր ողորմութեան ու խաղաղութեան մէջ:
Գերերջ. Հոգեւոր Տէրը կոչ կ'ուղղէ սկսելու նոր տարին զօրաւոր հաւատքով ու մխիթարուած սրտերով, որպէսզի վերանորոգենք մեր կեանքն Աստուծոյ կամքին եւ անսահման սիրոյն համաձայն:
Ամենպտ. Հոգեւոր Տէրը նոյնպէս կը յայտնէ.«Այն օրերը, որոնք կ'անցնին, պարզապէս անցեալ կեանքին էջերը չեն կազմեր, այլ նաեւ աստուածային հրաւէր են՝ խորհրդածելու, վերաքննելու եւ վերանորոգուելու համար: Արդե՞օք կրնանք հրաժարիլ ու մէկդի դնել ատելութիւնն ու ոխը...: Արդե՞օք կարողութիւնն ունինք սէրը հիմնական դարձնելու մեր ընտանիքներէն եւ ընկերութենէն ներս՝ մեր յարաբերութիւններուն մէջ:
Ամանորի առիթով՝ պահ մը խոկա՛նք «Խաղաղութեան համաշխարհային օր»-ուան խորհուրդը, որ մեզի կը յիշեցնէ մեր մարդկային ու հոգեւոր առաքելութեան մասին, ինչպէս եւս մեզ կ'առաջնորդէ կտրելու համար բոլորս կաշկանդող եսասիրութեան ու վախի շղթաները:
Լիբանանն ու Միջին Արեւելքը, տառապանքով եւ կոտորածներով լեցուն այս աշխարհին մէջ, մեզի՝ հաւատացեալներուս պէտք ունին, որպէսզի մխիթարութեան պատգամը կրենք ու անդադար գործենք ի նպաստ հոգիներու վերանորոգումին եւ վերաշինենք այն, ինչ որ քանդուած է...:
Սիրելի եղբայրներ ու քոյրեր, խաղաղութիւնը կը սկսի մեր մէջէն՝ մեր սրտերէն: Ներումն ու հաշտութիւնը թող մեր կեանքին վերնագիրներն ըլլան: Մեր աչքերն ուղղենք մեր նորածին Փրկիչին եւ զօրութիւնը խնդրենք, որպէսզի Ս. Ընտանիքին համաձայն ապրինք, ուստի, մեր ընտանիքները համերաշխ պահենք եւ մեր ազգերը կերտենք սիրոյն, հաւատքին ու միասնական աշխատանքին հիմքերուն վրայ»:
Լիբանանի եւ աշխարհի ղեկավարներուն ուղղուելով, Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը կ'ըսէ.«Դո՛ւք կանչուած էք պատասխանատուութիւնը կրելու Աստուծոյ ու ժողովուրդին առջեւ: Վերադարձէ՛ք ձեր խիղճերուն եւ ամէն ինչէն վեր դասեցէ՛ք ազգերուն ու ժողովուրդներուն ընդհանուր բարիքն ու շահը:
Այս ճակատագրական պահերուն՝ Լիբանան պէտք ունի բոլորը միացնող նախագահին: Նախագահի մը, որ կը հաւատայ եւ իր սրտին մէջ կը կրէ ծառայութեան ոգին. լրջութեամբ ու համազգային շունչով՝ առանց խտրութեան կը գործէ ինպաստ լիբանանցիներուն համերաշխութեան եւ միասնականութեան:
Մենք պէտք ունինք այն ղեկավարներուն, որոնք դէպի յառաջ կը նային եւ ապագայատեսիլ ծրագիրներ կը մշակեն յաջորդ յիսուն տարիներուն համար եւ ոչ թէ քանի մը տարիներու: Մենք՝ բոլորս պէտք է ըլլանք նորընտիր նախագահին կողքին եւ անոր հետ յանձնառութեամբ քալենք, որպէսզի այս ան հանդիսանայ եշբայրութեան, միասնութեան, բազմազանութեան ու զարթօնքի խորհրդանիշը:
Նաեւ չմոռնանք Տիրոջ դիմելու՝ Միջին Արեւելքի մէջ խաղաղութեան համար:
Մեր աղօթքները բարձրացնենք մեր խոր սրտերէն, որպէսզի մարդկութեան Փրկիչը, որ «խաղաղութեան Իշխանն է», վերջ տայ պատերազմներուն մեր տարածաշրջանին մէջ եւ ջնջէ ատելութիւնը, որ քայքայեց ժողովուրդները:
Աստուծումէ կը խնդրենք, որ անդրրութիւնը վերականգնի իր Ս. Երկրին մէջ, սիրոյ շնորհքը տարածէ բոլորին վրայ եւ մեզի պարգեւէ իմաստութիւնն ու կորովը՝ յոյսով եւ խաղաղութեամբ կերտելու համար լի ապագան:
Հաւատքով միանանք եւ այս նոր տարին վերածենք վերանորոգումի իսկական մեկնարկին, որպէսզի ապրինք Աստուծոյ օրհնութեան մէջ: Մէկ ձեռքով ու մէկ սրտով գործենք ի նպաստ ընդհանուր բարիքին ու խաղաղութեան, ինչպէս նաեւ մեր ճամբան քալենք՝ բարգաւաճ հայրենիք մը, վերանորոգուած եւ օրհնեալ Միջին Արեւելք մը կերտելու ուղղութեամբ: Ամէն»:
Պէյրութ, 1 Յունուար 2025
X ՌԱՖԱՅԷԼ-ՊԵՏՐՈՍ ԻԱ.
Կաթողիկոս-Պատրիարք
Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ