Ճրագալոյց Աստուածայայտնութեան (Ղուկ. 22, 24 – 30) - Գերյ. Խաչիկ Ծ. Վրդ. Գույումճեանի կիրակնօրեայ մտածականը
Տօները եւ խնճոյքները աւարտելէ ետք սիրելիներ (յուսամ բոլորս ուրախ եւ անմոռանալի պահեր անցուցինք եւ կամ ունեցանք այս օրերուն), այսօր՝ 2025 թուականի առաջին կիրակին, Ղուկաս Աւետարանիչ մեր առջեւ կը դնէ էական նիւթ մը՝որմով կ՛ուզէ սկսինք մեր նոր տարին, եւ նաեւ՝ անով շարունակենք, ու ամէնակարեւորը` մնանք անոր մէջ միշտ:
Մեր այսօրուան Աւետարանի հատուածը կը սկսի հետեւեալ նախադասութեամբ.« Աշակերտներուն մէջ վէճ ծագեցաւ թէ իրենցմէ ով պիտի նկատուի մեծը...» (Ղուկ. 22, 24): Տեսէ՛ք սիրելիներ, տակաւին Քրիստոս չխաչուած, արդէն իսկ աշակերտները կը մտածեն ով Քրիստոսի պիտի յաջորդէ...աւելի ճիշտը ո՞վ աթոռին պիտի նստի...առաւել եւս եւ ճշգրիտ ըլլալու համար, ո՞վ պիտի փառաբանուի եւ պիտի իշխէ իր շուրջիններուն վրայ...:
Սակայն ծիծաղելի բաժինը այն է սիրելիներ, որ երբ այս անձին հարցնես թէ ինչո՞ւ աչքդ իշխանութեան եւ կամ աթոռին վրան է, պատասխանը հետեւեալը կ՛ըլլայ. « Էհ վարդապետ, Աստուած ինծի շնորհքը տուած է առաջնորդելու, եւ ես այնքան օժտուած եմ ձիրքերով որ՝ կարող եմ ամէն բան լուծել եւ կարգաւորել...»:
Այսօր սիրելիներ, եւ դժբախտաբար, համայն մարդկութեան մէջ անախորժ ծարաւը կայ իշխանութեան, բարձր դիրքերու հասնիլ...եւ նամանաւանդ՝ նստելու աթոռի մը վրայ, որուն ծիծաղելի բաժինը՝ մարդուս շինածն է եւ ոչ թէ երկնքի աշխատանքը...կը վազեմ նստելու նիւթական աթոռին վրայ, սակայն կը մերժեմ նստիլ երկնայինինը (անշուշտ եթէ կը հաւատամ երկնայինին գոյութեանը)...սիրելի քոյրեր եւ եղբայրներ, ես կ՛ուզեմ նստիլ աշխարհիկ աթոռին վրայ, որովհետեւ.
1. Ինծի կը սպասէ մեծարանք,
2. Ինծի կը սպասէ կեղծ եւ սուտ գովասանքներ (եւ ես ուրախ կ՛ըլլամ այս սուտերով),
3. Ինծի կը սպասէ դիմացինիս զիջեցնելու այսպէս ասաց գեղեցիկ զգացումը,
4. Ինծի կը սպասէ նիւթական հանգստութիւն եւ անձնական շահեր (մոռնալով մարդոց վիճակը),
5. Ինծի կը սպասէ հպարտութեան գագաթնակէտին հասնիլը (արդէն իսկ մէջս ունիմ հպարտութիւն),
6. Ինծի կը սպասէ եսասիրութեանս սնուցանումը,
7. Եւ ամէնակարեւորը ինծի կը սպասէ անսախալական յայտնուիլս, նախ՝ Աստուծոյ առջեւ, ետքը իմ անձիս եւ բոլոր մարդոց առջեւ (այն ինչ որ կը վերաբերի որոշումներուս եւ վարմունքիս),
Սիրելի քոյրեր եւ եղբայրներ, ձեր կարծիքով եւ կանգնած ձեր խղճին յառաջ, այս 7 կետերը որոնք նշեցինք, ո՞րմէկը կը համապատասխանէ Աստուծոյ կամքին եւ կամ պատուիրանին...վստահ ոչ մէկը, որովհետեւ բոլորը չարին գործերն են (յիշենք որ սատանան ունի գառնուկի հագուստ, բայց չի դադրիր բէեղզեբուղ ըլլալէ):
Այստեղ հարց տալով պիտի ըսէք. «լաւ վարդապետ, հասկցանք որ իշխանութիւն ցանկալը եւ անոր հետեւանքները չարին գործերն են...լաւ մեզմէ ի՞նչ պահանջուած է...Քրիստոս մեզմէ ի՞նչ կը խնդրէ...»:
Քրիստոս կ՛ըսէ. « Բայց ձեր պարագային այդպէս պէտք չէ ըլլայ: Ընդհակառակը, ձեր մէջէն ամենէն մեծը թող ամենէն պզտիկի պէս ըլլայ, եւ առաջնորդը՝ սպասաւորին պէս» (Ղուկ. 22, 26):
1. Մենք չենք ծնած որպէսզի աթոռին, փառք ու պատիւին եւ կամ հարստութեան ետեւէն վազենք,
2. Աշխարհ եկած ենք միայն ու միայն փրկելու մեր հոգիները եւ կատարելու Աստուծոյ կամքը,
3. Եթէ կանչուեցայ լաւ դիրքի կեանքիս մէջ՝ Աստուծոյ կամքով եւ ոչ թէ իմ ջանքերովս (կրնայ գործ ըլլալ եւ կամ նիւթական վիճակս), յիշեմ որ կանչուած եմ խոնարհ եւ հեզ ըլլալու, եւ յիշելու որ իմ առաջին եւ վերջին պարտականութիւնս՝ ծառայութիւնն է... պատրաստ ըլլամ նոյնիսկ կեանքս տալու եթէ պէտք ըլլայ,
4. Կեանքիս մէջ ինչ որ կը պատահի եւ ուր որ ալ գտնուիմ, փնտռեմ Աստուծոյ հաճութիւնը եւ մտածեմ թէ ինչպէս պիտի կարողանամ երկինքը շահիլ...կը յիշէ՞ք ճարպիկ տնտեսին առակը,
5. Յիշեմ որ մարդու տուածը ժամանակաւոր է. Մարդուս տուածը՝ մարդը կրկին կը վերցնէ, սակայն երկինքէն հասածը՝ կը մնայ եւ մեզ արժանի կը դարձնէ փառքի աթոռին եւ լոյսի աշխարհին:
Ահաւասիկ սիրելիներ բաժին մը մեր այսօրուան Աւետարանի հատուածի մտածականէն. բոլորս կանչուած ենք զբաղելու մեր հոգիներով...եթէ պատահի կանչուիմ ունենալու իւրայատուկ կեանքի ձեւ մը, յիշեմ որ անպիտան ծառայ մըն եմ զոր կանչուած եմ ծառայելու, օգնելու, լսելու, հասկնալու եւ ընելու այն ինչ որ ես պիտի խնդրէի միւսէն որպէսզի ընէր...օրէնքը ես չեմ, այլ օրէնքի, շնորհքի, հաւատքի եւ մեր աշխատանքի միջոցաւ կը հասնինք յաւիտենականին...յիշենք նաեւ թէ մեծ ըլլալով պիտի չունենամ սպասեալ ուրախութիւնը...մեծութիւնը ուրախութիւն չի բերեր, այլ Քրիստոս Ինք է միակ եւ ճշմարիտ ուրախութիւնը:
Սիրելի քոյրս եւ եղբայրս, եղիր ուրախ կեանքիդ մէջ՝ ունենալով զՔրիստոս, որովհետեւ այս է իսկական մեր կեանքին իմաստը եւ նպատակը. Ամէն:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ