«Նոր տարին եւ մեր նորոգութիւնը» Հայր Գէորգ Եպիս Ասատուրեան
«Շնորհաւոր Նոր Տարի»...
Այս բառերով կը շնորհաւորենք իրար իւրաքանչիւր նոր տարուայ սկիզբը: Բայց արդեօք որքանո՞վ կրնայ նոր տարին իսկապէս 'նոր' ըլլալ. եւ ի՞նչ կրնայ ըլլալ այն 'նորը', որ կրնանք ստանալ այս նոր տարուայ ընթացքին: Աւելին՝ ի՞նչ է ընթացիկ տարուան տարբերութիւն նախորդ տարիէն, ամիսներէն եւ օրերէն:
Սողոմոն իմաստուն կը գրէ՝ « Ինչ որ եղած է, նոյնը պիտի ըլլայ. ու ինչ որ գործուած է, նոյնը պիտի գործուի։ Արեւուն տակ բնաւ նոր բան մը չկայ։ Կա՞յ արդեօք այնպիսի բան մը, որուն համար կրնայ ըսուիլ՝ 'ահա ասիկա նոր է'. ահա մեզմէ առաջ եղած դարերուն մէջ անիկա արդեն եղած էր» (ժղվ. 1:9-10»։
Ուրեմն կրնա՞նք ըսել, որ մեր շնորհաւորանքներ անիմաստ է... Ոչ անպայմանօրէն... Պատմութեան խորքերէն եկած այս մաղթանքը, որ մարդկային կեանքին յոյս եւ ուրախութիւն կը ներշնչած է, չի կրնար անիմաստ ըլլալ:
Նորը կամ նորութիւնը չի չափուիր ժամանակով, այլ մեր կեանքի ընթացքով եւ գործերով: Յովհան Ոսկեբերան կը գրէ՝ « Եթէ բարիք ընես, օրդ լաւ կ'ըլլայ. իսկ եթէ մեղանչես՝ չար ժամանակներ կ'ապրիս»: Կը տեսնենք հոս, թէ հարցեր կը չափուին մեր գործերով, եւ ոչ ժամանակով: Ներկայիս եկեղեցին կ'ապրի աշխարհին մէջ: Այլ բառերով՝ Երուսաղէմն ու Բաբելոնը միասին կը գոյակցին: Քրիստոնեան յոյսը «Նոր Երուսաղէմ»ը,: Անշուշտ «Նոր Երուսաղէմ» ըսելով կը հասկնանք Աստուծոյ արքայութեան ամբողջական գալուստը: Թէեւ ունինք եկեղեցին՝ բայց անկէ դուրս կայ նաեւ Բաբելոնը: Մեր մեղքերը ինքնին բաւարար ցաւի պատճառ են մեզի համար. այդ ցաւին կողքին ունինք «Բաբելոնի» մէջ ապրելու ցաւը: Մեր մեղքին պատճառած ցաւէն կրնանք ձերբազատուիլ խոստովանութեամբ: Բայց ինչպէ՞ս կրնանք ազատագրուիլ աշխարհի՝ ուրիշին պատճառած ցաւէն:
Սորված ենք, որ կեանքի նպատակը ուրախութիւն է: Հարստութիւն, հանգիստն ու զուարճանքը մեր ապրելակերպին իմաստն ու նպատակը պէտք է ըլլայ : Նոյնիսկ Քրիստոսի պատգամը, թէ « եթէ մէկը աջ դէմքիդ զարնէ, ձախը դարձուր» հեգնանքի առարկայ դարձած է շատ մը քրիստոնեաներու կողմէ: Բայց մեզի մեր մայրը՝ եկեղեցին կը սորվեցնէ, որ կեանքի իմաստն ու նպատակը ուրախ-զուարթ ըլլալը չէ՝ այլ սուրբ ըլլալն է: Սրբութիւնը մեզ միշտ կը հրաւիրէ, որ Քրիստոսի պատուիրանները պահենք: Առաւել ան կը սորվեցնէ մեզի մեռնիլ այն աշխարհի համար, որու մէջ կ'ապրինք: Եթէ մեռնինք, Քրիստոս մեր մէջ կ'ապրի: Ասոր համար Ս. Պօղոս կ'ըսէ՝ «Քրիստոսին հետ խաչուեցայ, սակայն եւ այնպէս կենդանի եմ՝ ո՛չ թէ ես, հապա Քրիստոս կենդանի է իմ մէջս» ( Գաղտ. 2:20):
Քրիստոնէութիւնը Քրիստոսի հետ խաչ ելլելու ընթացք է: Տէր Յիսուս ինքն ըսաւ՝ « ան, որ ինծի կ'ուզէ հետեւիլ, թող իր խաչը վերցնէ եւ ետեւէս գայ»: Կաթողիկէ եկեղեցին կ'ուսուցանէ՝ « Յիսուս շատերը ունի, որոնք Իր երկնային արքայութիւնը կը փափաքին. բայց քիչեր են, անոնք որոնքպատրաստ են կրելու իր խաչը: Յիսուս շատեր ունի, որոնք մխիթարութիւն կը փափաքին. բայց քիչեր են անոնք, որոնք փորձութիւններու կը համբերեն...Բոլորը կը փափաքին երջանիկ ըլլալ, քիչերն են անոնք, որոնք կը փափաքին տառապիլ անոր համար»: Եթէ ամէն օր կ'աղօթենք՝ « եղիցին կամք քո», պէտքէ պատրաստ ըլլանք զայն ընդունելու ինչպէս որ է:
Քրիստոնեային կեանքը յարատեւ նորոգութեան կեանք պէտք է ըլլայ: Ան պէտք չունի սպասելու օրերու եւ տարիներու, որպէսզի նորոգուի: Քրիստոսի հետ կեանք շարունակական նորոգութեան ընթացք մըն է, որովհետեւ անմար յոյսի կենաք է: Ս. Օգոստինոս կ'ըսէ՝ « յոյսը երկու գեղեցիկ դուստրեր ունի՝ Բարկութիւնը եւ քաջութիւնը: Բարկութիւն, երբ կը տեսնենք մեր իրակութիւնը: Իսկ քաջութիւն՝ գիտնալու համար, որ ոչ մէկ բան պիտի մնայ ինչպէս որ է»:
Հետեւաբար սիրելիներ՝ այս տարուայ մէջ' նոր'ը ապրելու համար, ցանկանք սրբութեան կեանքը: Միայն այդպէս է, որ պիտի ապրինք քրիստոնէական աճումը եւ անով է որ պիտի կարենանք ընդունիլ տառապանքը. եւ որպէս այդ՝ Քրիստոս մեր մէջ պիտի ապրի:
Շնորհաւոր Նոր Տարի:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ