Որոնել

Syrians welcome first new year after fall of Assad

Սուրիոյ մէջ խաղաղութիւն կը նշանակէ զարգացում․ Կարդինալ Զենարի

2024 թուականի վերջին օրը՝ 31 Դեկտեմբերին, Դամասկոսի մէջ տեղի ունեցաւ Սուրիոյ նոր առաջնորդ ալ-Ժուլանիի եւ քրիստոնեայ հոգեւորականներու ղեկավարներու հանդիպումը։ Սուրիոյ մօտ Սուրբ Աթոռի Առաքելական նուիրակը այդ մասին զրուցեց վատիկանեան լրատուամիջոցներուն հետ։

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

31 Դեկտեմբերին Սուրիոյ «de facto» առաջնորդ Ահմետ ալ-Շարաան, որ յայտնի է նաեւ որպէս Ապու Մոհամմատ ալ-Ժուլանի, Դամասկոսի մէջ հանդիպած է Քրիստոնեայ կրօնական առաջնորդներու հետ, որոնք նոր իշխանութենէն անվտանգութեան երաշխիքներ կ’ակնկալեն։ Սուրիոյ մօտ Առաքելական Նուիրակ Մարիօ Զենարին, որ Իտալիա կը գտնուի Սուրբ Ծննդեան տօներու առթիւ եւ մշտական կապի մէջ է տարբեր շրջաններէն սուրիական մայրաքաղաք ժամանած պատուիրակներուն հետ, այդ հանդիպումի մասին իր մեկնաբանութիւնները ներկայացուց վատիկանեան լրատուամիջոցներուն` 1 Յունուար 2025-ին՝ Խաղաղութեան համաշխարհային օրը։

«Անպատկերացնելի» հանդիպում, որ յոյսի մթնոլորտ ստեղծած է

Ան ընդգծեց, որ վերոնշեալ հանդիպումը, որ մինչեւ վերջերս «անպատկերացնելի» էր, յոյսի մթնոլորտ ստեղծած է։ Հանդիպումին ներկայ եպիսկոպոսներն ու քահանաները որոշակի լաւատեսութիւն յայտնած են, չնայած քրիստոնեաներու սկզբնական շրջանին ունեցած վախին, որոնք կը ցանկանային հեռանալ Երկիրէն։

Աշխուժօրէն մասնակցիլ նոր Սահմանադրութեան մշակման

Սուրբ Աթոռի Նուիրակը առիթը օգտագործեց կոչ մը ուղղելու քրիստոնեաներուն` չփախչելու, այլ մնալու եւ նպաստելու Սուրիոյ վերականգնմանը՝ պաշտպանելով մարդու իրաւունքները եւ ազատութիւնը, քանի որ ինչպէս շեշտած է Ան, Սուրբ Ծնունդը վերածնունդի ժամանակ է՝ ուրախութեան ու յոյսի մթնոլորտով, թէկուզ եւ վախերով ։ Յատկապէս մասնագիտական առարկայական հմտութիւններ ունեցող անձերուն Կարդինալ Զենարին կոչ ըրած է աշխուժօրէն մասնակցիլ ըլլայ նոր Սահմանադրութեան մշակման, յատուկ ուշադրութիւն դարձնելով քրիստոնեաներու եւ կանանց իրաւունքներու պաշտպանութեան, ըլլայ Երկրի վերականգման:

Խուսափիլ վրէժխնդրութեան պարոյրէն եւ ապաւինել միայն արդար արդարադատութեան

Վատիկանի Դիւանագէտը ապա անդրադարձաւ մեծ ցաւ եւ տխրութիւն պատճառած վայրագութիւններու բացայայտումներուն եւ մարդու իրաւունքներու խախտումներուն Սուրիոյ բանտերու մէջ՝ շեշտելով, որ «սարսափի այդ դռները խղճի քննութիւն են իւրաքանչիւրի, միջազգային հանրութեան համար» եւ մտածել կու տան, որ կարելի էր աւելին ընել նման վայրագութիւնները կանխելու համար։ Ան միաժամանակ կոչ ըրաւ նման ողբերգական իրավիճակի մէջ խուսափիլ վրէժխնդրութեան պարոյրէն եւ ապաւինել միայն արդար եւ կանոնաւոր արդարադատութեան։

Ոչ թէ «սպասէ եւ պիտի տեսնես», այլ՝ «աշխատէ եւ պիտի տեսնես»

Ինչպէս յաճախ ընդգծած է Սրբազան Պապը՝ Կարդինալ Զենարին եւս կարեւորեց երկխօսութեան եւ բանակցութիւններուն ուղղուած աշխատանքը, որուն կ՛աջակցին «բազմաթիւ բարի սամարացիներ եւ բոլոր կրօնական դաւանանքներու հաւատացեալներ։ (…) «Շատերը կորսնցուցած են իրենց կեանքը եւ սպաննուած ուրիշներուն օգնելու ժամանակ։ Մենք պէտք ենք յիշել զանոնք, մենք երախտագիտութեան մեծ պարտք ունինք անոնց նկատմամբ», ըսաւ Սուրիոյ մօտ առաքելական նուիրակը։

Ան ապա կրկին անդրադառնալով Սուրիոյ մէջ տակաւին «փխրուն» խաղաղութեան, յորդորեց տեղի համայնքներուն փոխել վերաբերմունքը եւ գեղեցիկ խոստումներու դիմաց կրկնել ոչ թէ «սպասէ եւ պիտի տեսնես» արտայայտութիւնը՝ այլ՝ «աշխատէ եւ պիտի տեսնես»։ Ասկէ մեկնելով ԱՆ յղում կատարելով Պօղոս Զ Պապի խօսքերուն, թէ՝ «խաղաղութեան անունը զարգացում է» նշեց, որ աւերուած Սուրիոյ մէջ խաղաղութիւն հաստատելու համար «պէտք ենք ապահովել զարգացում, օգնել Սուրիոյ ոտքի ելելլու եւ քալելու սեփական ոտքերով»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/01/2025, 10:00