Որոնել

2025.01.05 Visita del patriarca Minassian al Patriarca armeno apostolico di Istanbul

Կաթողիկէ հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքին պատմական այցը Ն.Ա.Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի

Այցելութեան ընթացքին Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Պատրիարքին կ’ընկերանար Իսթանպուլի Կաթողիկէ Հայ համայնքի նախկին վիճակաւոր Արհի. Տ. Լեւոն Արքեպս. Զէքիեանի, այժմու Պատրիարքական Կառավարիչ Գերյ. Հ. Վարդան Ծ. Վրդ. Գազանճեան Գերապայծառի գլխաւորութեամբ շքախումբ մը:

Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տ.Տ. Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքը, որ այս օրերուն հովուական այցելութեամբ կը գտնուի Իսթանպուլ, որուն առիթով նաեւ Պատրիարքական Կառավարիչ` Գերյարգելի Հ. Վարդան Ծ.Վ. Գազանճեանը պիտի հաստատէ պաշտօնի վրայ անոր շնորելով պաշտօնին առընչուող ծիսական խորհրդանշանները, շաբաթ 4 Յունուարին այցելութիւն տուաւ Թուրքիոյ Հայ առաքելական Պատրիարքութիւն հանդիպելով Ն.Ա.Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի հետ։

Պատրիարքարան ժամանումին ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը դիմաւորուեցաւ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր կողմէ ապա Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր Տաճարի մուտքին դիմաւորուեցաւ աւանդական աղ ու հացով:

Այցելութեան ընթացքին Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Պատրիարքին կ’ընկերանար Իսթանպուլի Կաթողիկէ Հայ համայնքի նախկին վիճակաւոր Արհի. Տ. Լեւոն Արքեպս. Զէքիեանի, այժմու Պատրիարքական Կառավարիչ Գերյ. Հ. Վարդան Ծ. Վրդ. Գազանճեան Գերապայծառի գլխաւորութեամբ շքախումբ մը:

Նորին Ամենապատուութեան կողքին էին Գերշ. Տ. Եզնիկ Արքեպս. Պետրոսեան, Գերշ. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան, Պատրիարքական Աթոռոյ վեղարաւոր միաբան հայրերը, քահանայից դասը եւ ժառանգաւորներ:

 Կաթողիկէ հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքին պատմական այցը Ն.Ա.Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի
Կաթողիկէ հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքին պատմական այցը Ն.Ա.Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի

Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր Տաճարի մէջ տեղի ունեցաւ կանոնական հրաշափառի աղօթք, որուն յաջորդեց ճաշու ժամերգութիւնը հուսկ բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկաւ Մաշալեան Պատրիարքը իր ուրախութիւնը յայտնելով Կաթողիկէ Հայոց Տանն Կիլիկիոյ Գերերջանիկ եւ Ամեն. Տ. Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս Պատրիարքին այցելութեան առթիւ:

Ան անդրադառնալով նաեւ նախորդ հանդիպումին, յիշեցուց Տէր Յիսուս Քրիստոսի մեծ պատուիրանը, որ սիրելն է: «Մեծագոյն առաքինութիւնը եւ ամէն քրիստոնեայի առաքելութիւնը պէտք է ըլլայ սէրը» ըսաւ Ան դիտել տալով թէ ինք եւս եղբայրական սիրով կը դիմաւորէ Կաթողիկէ Հայոց Գերերջանիկ եւ Ամեն. Կաթողիկոս եւ Պատրիարքը, որ եկած է քաղաք իր ժողովուրդին այցելութեան:

Ի պատասխան Նորին Ամենապատուութեան Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. իր սրտի խօսքը փոխանցեց ներկաներուն փառք տալով Աստուծոյ, որուն շնորհիւ կը գտնուի այստեղ, ապա շնորհակալութիւն յայտնեց Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր, որ եղբայրական սիրով դիմաւորեց զինքը:

Հոգեւոր Տէրը իր ուրախութիւնը յայտնեց Մայր Տաճարի մէջ գտնուելուն եւ շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ հոգեւոր հայրերուն եւ երգչախումբին ու օրհնեց բոլորը:

Ժամերգութիւնը իր աւարտին հասաւ երգչախումբի գլխաւորութեամբ երգուած Տէրունական Աղօթքով եւ երկու Պատրիարքներու օրհնութեամբ:

 Կաթողիկէ հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքին պատմական այցը Ն.Ա.Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի
Կաթողիկէ հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքին պատմական այցը Ն.Ա.Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի

Արարողութեան աւարտին Պատրիարքարանիս դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն եւ նուէրներու փոխանակում որուն ընթացքին ուղերձներ արտասանեցին Արհի. Տ. Լեւոն Արքեպս. Զէքիեան եւ Գերյ. Հ. Վարդան Ծ. Վրդ. Գազանճեան Գերապայծառը:

Աղբիւր` Իսթանպուլի հայոց պատուաւորութիւն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/01/2025, 10:10