Որոնել

2019.08.19 Blaise Pascal (Clermont-Ferrand, 19 giugno 1623 – Parigi, 19 agosto 1662) un matematico, fisico, filosofo e teologo francese

Առաքելական նամակ։ Մարդու մեծութիւնն ու թշուառութիւնը. Պլէզ Փասքալի մտքի յարակարծութիւնը

Պլէզ Փասքալի ծննդեան 400 ամեակին առիթով Ֆրանչիսկոս Պապը անոր նուիրեց "Sublimitas et miseria hominis" վերտառութեամբ առաքելական նամակ մը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ֆրանսացի փիլիսոփայ եւ աստուածաբան Պլէզ Փասքալի ծննդեան 400 ամեակին առիթով Ֆրանչիսկոս Պապը անոր նուիրեց "Sublimitas et miseria hominis" վերտառութեամբ առաքելական նամակ մը։

Փասքալ ծնած էր Clermond-Ferrandի մէջ` 19 Յունիս 1623 ու մահացած Փարիզի մէջ` 19 օգոստոս 1662ին։ Անոր ծննդեան յոբելեանին առիթով, այսօր 19 Յունիս 2023ին Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի կեդրոնատեղիին մէջ տեղի ունեցաւ մամլոյ ասուլիս, որուն ընթացքին ցուցադրուեցան մեծն փիլիսոփայի, մաթեմատիկոսի և գիտնականի որոշ գործերը, որոնք պահպանուած են Վատիկանի Առաքելական Մատենադարանին մէջ։

Մամլոյ ասուլիսին ելոյթ ունեցան Սուրբ Աթոռի Մշակոյթի եւ Կրթութեան Վերատեսչութեան Վերատեսուչ` Կարդինալ Խօսէ Թոլենթինօ Տէ Մենտոնսա եւ Հռոմի «Centre Saint Louis» ֆրանսական հաստատութեան նախագահ Տոքթ Ֆրանսուա Քզավիէ Ատամը։

Քահանայապետին առաքելական նամակը

"Sublimitas et miseria hominis" վերտառութեամբ իր առաքելական նամակին մէջ Սրբազան Քահանայապետը կ՛անդրադառնայ Փասքալի հանճարին, զայն որակելով «ճանապարհի ընկեր, որ կ՛ընկերանայ մեր երջանկութեան որոնումին», «Ճշմարտութեան անխոնջ որոնող», «հանճարեղ մտածող», «բոլորի նիւթական կարիքներու հանդէպ ուշադիր», «Քրիստոսին սիրահարուած», «բացառիկ բանականութեամբ քրիստոնեայ» և «անհանգիստ ուշիմութեամբ»։

Նամակին մէջ Քահանայապետը կը մատնանշէ, որ Փասքալ մանուկ հասակէն «փնտռեց ճշմարտութիւնը» եւ բանականութեամբ «հետևեցաւ անոր նշաններուն, յատկապէս թուաբանութեան, երկրաչափութեան, ֆիզիկայի և փիլիսոփայութեան ոլորտներէն ներս», ձեռք բերելով «արտակարգ բացայայտումներ»։

Ծառայել աղքատներուն

Փասքալ եղաւ նաեւ բաց ուրիշներուն եւ նորութիւններուն նկատմամբ, չի փակուեցաւ ինքնիր մէջ, ուշադիր իր ժամանակուայ ընկերային հարցերուն ու մանաւանդ աղքատներուն նկատմամբ. Ան արդարեւ ըսած է. «Եթէ բժիշկները ճշմարտութիւնը կ՛ըսեն, և Աստուած թոյլ կու տայ, որ ես առողջանամ այս հինաւանդութենէն, ես վճռական եմ, որ կեանքիս մնացած մասի ժամանակ այլ աշխատանք կամ այլ զբաղմունք չունենամ, քան աղքատներուն ծառայելը»:

Իսկական երջանկութեան որոնումը

Ֆրանչիսկոս Պապը իր նամակով մտադիր է «ընդգծել այն, ինչ որ Փասքալի կեանքին ու մտքին մէջ յարմար կը թուայ, ժամանակակից քրիստոնեաներուն և բարի կամքի բոլոր մարդոց ու կիներուն մէջ խթանելու ճշմարիտ երջանկութեան փնտռտուքը», քանի որ Փասքալը. չորս դար անց, կը մնայ ճամբորդութեան մեր ընկերը, որ մեզի կ՛ընկերանայ իսկական երջանկութեան որոնման մէջ, հաւատքի պարգեւի համաձայն»

Սէրէն դրուս չկայ արժէք ունեցող ճշմարտութիւն

Փասքալը մտահոգ էր բոլորին ճանչցնելու որ «Աստուած ու ճշմարտութիւնը իրարմէ անբաժան են» ու նաեւ` թէ «սիրոյ հեռանկարէն դուրս չկայ ճշմարտութիւն, որ արժէքաւոր է»...որովհետեւ «Աստուծմէ դուրս ճշմարտութիւնը Աստուած չէ, այլ անոր պատկերն ու կուռքը, որ ոչ պէտք է սիրել, ոչ ալ պաշտել»։

Նամակին մէջ Սրբազան Պապը կ՛անդրադառնայ նաեւ Փասքալի կեանքի մանրամասնութիւններուն, անոր մօրը մահուան մինչ ան երեք տարեկան էր, ընտանիքին Փարիզ փոխադրուելուն` ինը տարեկանին ու անոր հնարած բաներուն ինչպէս նաեւ անոր Քրիստոսի հանդէպ գորովալի սիրոյն…

Մարդուն կեանքին ճակատագիրը

«Մեր ճակատագրի, մեր կեանքի և մեր յոյսի անբաժանելի իմաստը, հասնելով երջանկութեան, որ արգիլուած չէ ընկալել որպէս յաւերժական, բայց որ Աստուած լիազօրուած է տալու, եղած է այդ ժամանակուայ եւ այսօրուայ մարդուն հետաքրքրող Փասքալի շօշափած թեման» կը գրէ ՍՔահանայապետը ակնարկելով այս ուղղութեամբ Փասքալի տեսութեան ու հաստատելով, որ «մարդուս կեանքին մէջ «անսահման անդունդը» լիացնողը միայն Աստուած է։

Աստուծոյ սիրոյ փորձառութիւնը

Քահանայապետին համար Փասքալը եղաւ Աւետարանի խոնարհ վկան։ Քրիստոնեան, որ ուզեց խօսիլ Յիսուս Քրիստոսի մասին, բանականութեան միջոցաւ, մեկնելով 23 նոյեմբեր 1654ին ապրած իր խորհրդաւոր փորձառութենէն` «Աստուծոյ սիրոյ փորձառութիւնը»։

Փասքալի ստեղծագործութիւնը կարդալը «կը նշանակէ մենք մեզ դնել բացառիկ բանականութեամբ քրիստոնեայի մը դպրոցին մէջ, որ աւելի լաւ կարողացած է հաշուի առնել Աստուծոյ պարգևով հաստատուած կարգը, որ վեր է բանականութիւնէն», կը գրէ Քահանայապետը Փասքալի ծննդեան 400 ամեակին նուիրած առաքելական նամակին մէջ, որուն մէջ լայնօրէն կ՛անդրադառնայ նաեւ Փասքալի հաւատքի ուղեւորութեան։

Ան ապա առաքելական նամակը կ՛աւարտէ մաղթելով, որ «Փասքալի լուսաւոր ստեղծագործութիւնը եւ անոր կեանքին օրինակը, խորապէս մկրտուած Յիսուս Քրիստոսի մէջ», կարողանայ մեզ օգնել, «մինչեւ վերջ քալելու ճշմարտութեան, դարձի եւ սիրոյ ճանապարհով»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/06/2023, 11:00