Որոնել

Ռոպոթիքա, արհեստական բանականութիւն Ռոպոթիքա, արհեստական բանականութիւն 

Ֆրանչիսկոս Պապ պիտի մասնակցի մեծ Եօթնեակի G7-ի արհեստական բանականութեան նուիրուած նիստին

Ֆրանչիսկոս Պապ պիտի մասնակցի մեծ Եօթնեակի G7-ի արուեստական բանականութեան նուիրուած նիստին, լուրը հաղորդեց Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը հաստատելով Իտալիոյ վարչապետ, Ճօրճա Մելոնիին յայտարարութիւնը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Ֆրանչիսկոս Պապ պիտի մասնակցի Իտալիայի գլխաւորած մեծ եօթնեակի G7-ի ժողովին, որ տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ 13էն – 15 յունիսին, Իտալիոյ Փուլիա մարզի Պորկօ Էկնացիա քաղաքին մէջ։ Լուրը հաղորդեց, Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը, Իտալիոյ վարչապետ Ճորճա Մելոնիին կատարած յայտարարութենէն ետք, ուր տեղեկացուցած է թէ Ֆրանչիսկոս Պապը առաջին անգամուան համար ելոյթ պիտի պիտի ունենայ արհեստական բանականութեան նուիրուած նիստին, որ բաց է ոչ անդամ երկիրներուն։

Յայտարարութեան մէջ Իտալիոյ վարչապետը շնորհակալութիւն յայտնած է Ֆրանչիսկոս Պապին Իտալիոյ հրաւէրին ընդառաջելու համար, «Անոր ներկայութիւնը հեղինակութիւն է մեր ազգին եւ մեծ եօթը երկիրներուն» նշած է Վարչապետը ընդգծելով, թէ ինչպէս Իտալիոյ պետութիւնը մտադիր է ընդլայնել սուրբ Աթոռի ներդրումը արհեստական բանականութեան վերաբերեալ…»

«Համոզուած եմ» աւելցուցած է վարչապետը, որ «Ֆրանչիսկոս Պապին ներկայութիւնը վճռորոշ ներդրում պիտի ունենայ արհեստական բանականութեան կարգաւորիչ, բարոյական եւ մշակութային շրջանակի սահմանման գործին մէջ, քանի որ այս երկրին վրայ եւ այս արհեստավարժութեան ներկայի եւ ապագայի մէջ մեր կարողութիւնը, միջազգային ընտանիքին կարողութիւնը կատարելու է այն ինչ որ 2 հոկտեմբեր 1979ին, ուրիշ Պապ մը Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետը յիշած էր ՄԱԿ-ի իր յայտնի ելոյթին մէջ, «Քաղաքական, ազգային, միջազգային գործունէութիւնը կը բխի մարդէն, կ՝իրականացուի մարդու միջոցաւ եւ մարդու համար է» յայտարարած է Իտալիոյ վարչապետը՝ Մելոնին։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/04/2024, 09:42