Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ տարեզներուն եւ թոռնիկներուն հետ Ֆրանչիսկոս Պապ տարեզներուն եւ թոռնիկներուն հետ  (Vatican Media)

Ֆրանչիսկոս Պապ. Տարեցները հարստութիւն են նոր սերունդներուն համար, թող մինակ չձգուին

Ֆրանչիսկոս Պապի պատգամը պապիկներուն, տատիկներու եւ թոռնիկներուն, միջոցառում՝ կազմակերպուած ծերութեան հիմնադրամին կողմէ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Շաբաթ, 27 ապրիլին, Վատիկանի Պօղոս Զ անուան սրահէն ներս, Ֆրանչիսկոս Պապ հանդիպեցաւ պապիկներուն, տատիկներու եւ թոռնիկներուն հետ, միջոցառում՝ կազմակերպուած ծերութեան հիմնադրամին կողմէ։

Նորին Սրբութիւնը իր փոխանցած պատգամը սկսաւ ողջունելով դահլիճին մէջ գտնուող պապիկները, տատիկները, թոռնիկները ու ընդգծելով որ գեղեցիկ փորձառութիւն է տատիկ եւ պապիկ ունենալը։

Սրբազան Հայրը ապա խօսքը կեդրոնացուց այն իրողութեան վրայ, որ Սէրը մեզ աւելի լաւ կը դարձնէ նկատել տալով, որ ինք եւս հաւատքը ստացած է իր մեծ մայրիկէն, որուն միջոցաւ սորվեցաւ Յիսուսը ճանչնալը՝ որ մեզ կը սիրէ եւ մինակ չձգեր եւ մեզ կը մղէ մօտիկ գտնուելու մէկը միւսին քով ու ոչ մէկ բացառել։ «Այսօր ես տակաւին կը յիշեմ առաջին աղօթքները, որ իմ մամիկս ինծի սորվեցուց» ըսաւ Քահանայապետը ան ապա մատնանշեց, որ միայն սիրոյ մէջ՝ միասին գտնուելով, աւելի լաւ եւ աւելի մարդկային կը դառնանք ինչպէս նաեւ աւելի հարուստ, որովհետեւ մեր ընկերութիւնը լի է շատ բաներու մէջ մասնագէտներով, օգտակար բաներու մասին գիտելիքներով հարուստ մարդոցմով, սակայն եթէ չկայ բաժնեկցութիւն ու ամէն մէկ անձ կը մտածէ իր մասին այդ հարստութիւնը կը կորսուի, կը վերածուի մարդկութեան աղքատութիւն։ «Միասին ըլլալը մեզի կը սորվեցնէ, թոյլ չտալ, որ տարաձայնութիւնները մեր միջեւ խզումներ ստեղծեն եւ չփոշիացնենք սիրոյ ադամանդը, Աստուծոյ մեզի տուած ամենէն գեղեցիկ գանձը՝ սէրը» ըսաւ Ան։

Նորին Սրբութիւնը ապա շեշտեց որ տարեցները կարելի չէ մինակ ձգել, անոնք պէտք են ապրիլ ընտանիքներու մէջ, հասարակութեան մէջ բոլորին սիրով։ Իսկ եթէ անոնք չեն կրնար ապրիլ ընտանիքին մէջ, պէտք ենք երթալ եւ փնտռենք՝ իրենց մինակ չձգելու համար։ Ան ապա ըսաւ որ աշխարհին մէջ, ոչ մէկը պէտք է վախնայ, որ իր վերջին օրերուն մինակ պիտի մնայ։ Տխուր է այսպիսի աշխարհը։ Հետեւաբար պէտք ենք կառուցել միասին աշխարհ մը, ոչ միայն աջակցութեան ծրագիրներով այլ նաեւ գոյութեան տարբեր նախագիծեր մշակելով, որոնցմով անցնող տարիները չեն համարուիր որպէս կորուստ, որ փոքրացնէ անձը, այլ բարիք, որ կ՝աճի եւ բոլորս կը հարստացնէ։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա խօսքը կեդրոնացուց սիրոյ վրայ ըսելով որ սէրը մեզ աւելի իմաստուն կը դարձնէ։ Ան յորդորեց թոռնիկները երբեք չկորսնցնելու յիշողութիւնը։ Մտիկ ընել տատիկներու պապիկներուն, յատկապէս երբ անոնք կը սորվեցնեն իրենց սիրով եւ վկայութեամբ՝ զարգացնելու ամենակարեւոր գուրգուրանքը, որ չստացուիր ուժի միջոցաւ եւ  չյայտնուիր յաջողութեան միջոցաւ, այլ կեանքը կը լեցնէ։ «Տարեցները հեռու կը տեսնեն, որովհետեւ անոնք շատ տարիներ ապրեցան եւ շատ բաներ ունին սորվեցնելիք, օրինակի համար, թէ որքան քէշ է պատերազմը։ Ես մեծ հայրիկէս սորվեցայ առաջին համաշխարհային պատերազմը։ Ան իր պատմութիւններով ինծի հասկցուց, որ պատերազմը սարսափելէ է։ Մեծ հայրս ինծի սորվեցուց նաեւ գեղեցիկ երգ մը, որ տակաւին կը յիշեմ» ըսաւ Սրբազան Հայրը քաջալերելով թոռնիկները միշտ փնտռելու իրենց մամիկները ու պապիկները եւ զանոնք երբեք մինակ չձգեն իրենց բարիքին համար։ Նորին Սրբութիւնը խրախուսեց սորվիլ տարեցներուն զօրաւոր սիրոյ իմաստութիւնը, ինչպէս նաեւ անոնց փխրունութիւնը, որ ընդունակ է սորվեցնելու առանց խօսքերու, որ իսկական հակաթոյն՝ ընդդէմ սիրտի կարծրացման եւ կ՝օգնէ վայելելու կեանքը որպէս յարաբերութիւններ։

«Այս է պատգամը զոր Յիսուս մեզի տուաւ նաեւ Խաչին վրայէն՝ երբ տեսնելով իր մօտը մայրը ու անոր կողքին աշակերտը, զոր ինք կը շատ կը սիրէր մօրը ըսաւ, Ով կին ահա քու որդիդ, ապա աշակերտին ըսաւ ահա քու մայրդ, ու այդ ժամէն զինք ընդունեց իր մօտը»։Այս բառերով Յիսուս մեզի յանձնեց հրաշք մը իրականացնելու, այն է բոլորս իրար սիրենք որպէս մեծ ընտանիքը», ըսաւ Սրբազան Հայրը։ Ան պատգամը աւարտեց տալով որ առաքելական օրհնութիւնը եւ խնդրելով, որ չմոռնան աղօթելու իրեն համար։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/04/2024, 12:28