Որոնել

2024.05.08 Logo Viaggio Papa Papua Nuova Guinea, Indonesia, Timor del Est e Singapore

Ֆրանչիսկոս Պապին յառաջիկայ միջազգային ճամբորդութեան պատկերանշաններն ու կարգախօսները

Նորին Սրբութիւնը պիտի այցելէ Ինտոնեզիոյ մայրաքաղաքը՝ Ժաքարթան, 6էն 9 սեպտեմբերին Փափուա Կինէային Վանիմօ մայրաքաղաքը, 9էն 11 սեպտեմբերին, Թիմօր Լեսթի մայրաքաղաք` Տիլի, իսկ 11էն 13 սեպտեմբերին Սինկափոր»։
Ունկնդրէ լուրը

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան


Յառաջիկայ 2էն 13 սեպտեմբեր 2024ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը առաքելական ճամբորդութիւն պիտի կատարէ դէպի Ինտոնեզիա, Փափուա նովա Կինէա, Թիմօր-Լեսթ եւ Սինկափոր։ Ֆրանչիսկոս Պապը այս ճամբորդութիւնները պիտի կատարէ «ընդառաջելով համապատասխան պետութիւններու ղեկավարներուն եւ եկեղեցական իշխանութիւններու հրաւէրին»։

Նորին Սրբութիւնը պիտի այցելէ Ինտոնեզիոյ մայրաքաղաքը՝ Ժաքարթան, 6էն 9 սեպտեմբերին Փափուա Կինէային Վանիմօ մայրաքաղաքը, 9էն 11 սեպտեմբերին, Թիմօր Լեսթի մայրաքաղաք` Տիլի, իսկ 11էն 13 սեպտեմբերին Սինկափոր»։

Այսօր՝ չորեքշաբթի, 8 մայիսին հրապարակուեցան Ֆրանչիսկոս Պապին վերոյիշեալ երկիրներուն առաքելական ճամբորդութեան պատկերանշաններն ու կարգախօսները։

Ինտոնեզիա

Ինտոնեզիոյ առաքելական ճամբորդութեան պատկերանշանը որպէս հիմնական տարր կը ներկայացնէ ֆրանչիսկոս Պապին լուսանկարը, որ կ՝օրհնէ ոսկեայ garuba Սուրբ արծիւի զինանշանին առջեւ, գծուած այն ձեւով յիշեցնելու «Պաթիք» աւանդական կտաւը, որուն ներսը կայ Իտնոնեզիոյ քարտէսը, կղզիներուն խումբը բնութագրուած ընկերային, լեզուային, մշակութային, կրօնական դաւանքներուն բազմազանութեամբ։

Պատկերանշանին աջ կողմը կայ Նորին Սրբութեան անունը եւ զինանշանին տակ, Իտնոնեզիոյ դրօշակը, երկրին անունը, ճամբորդութեան թուականը եւ Պապին այցելութեան կարգախօսը «Faith  Fraternity  Compassion-
հաւատք, եղբայրութիւն եւ կարեկցանք»։

Փափուա նովա Կինէա

Փափուա նովա Կինէա ճամբորդութեան պատերանշանը յատկանշուած է երեք տարերով. Խաչը պատկերուած է կեդրոնը այն գոյներով, որոնք կը յիշեցնեն Փափուա Կինէաի արեւածագերն ու մայրամուտները ու կը ներկայացնէ միակ զոհաբերութիւնը որ կը բանայ երկինքի դռները.

Խաչին վրայ գծագրուած է դրախտի թռչունը, երկրի խորհրդանշական տարր, իր մէջ ունենալով ազգային դրօշակի գոյները։ Խաչին ձաղ կողմը կը գտնենք ճամբորդութեան կարգախօսը՝ «Աղօթէ» ներշնչուած առաքեալներուն Յիսուսի ուղղած խնդրանքէն «Տէր մեզի աղօթել սորվեցուր. Ղուկաս 11,15,

Թիմօր-Լեսթ

Պատկերանշանին կեդրոնը պատկերուած է Ֆրանչիսկոս Պապի լուսանկարը որ կ՝օրհնէ, խորհրդանշելով այն պաշտպանութիւնը, զոր Թիմօր-Լեսթ ժողովուրդը Աստուծմէ կը ստանայ Նորին Սրբութեան կատարած առաքելական ճամբորդութենէն։ Պապին կողքին պատկերուած է Թիմօր Լեսթի ֆիզիքական քարտէսը։ Պատկերանշանին վերեւ կայ Պապին այցելութեան կարգախօսը “Que a vossa fé seja a vossa cultura”։

Սինկափոր

Պատկերանշանը ներկայացուած է ոճաւորուած խաչով, որ ներշնչուած է Մոգը առաջնորդող աստղէն, Սուրբ Հաղորդութենէն եւ Սինկափորի դրօշակի հինգ աստղերէն։ Խաչին ձախ եւ աջ կողմերը կը գտնենք Պապին այցելութեան կարգախօսը «Unity, Hope.- Միացած» կ՝արտայայտէ հաւատացեալներու միջեւ հաղորդութիւնն ու ներդաշնակութիւնը, ըլլայ եկեղեցիին մէջ, ըլլայ հասարակութեան եւ ընտանեկան յարաբերութիւններուն շրջանակէն ներս։“Hope” կը յիշեցնէ, որ Առաքելական ճամբորդութիւնը յոյսի փարոս պիտի դառնայ տարածաշրջանին քրիստոնեաներու համար, յատկապէս անոնց նկատմամբ որ ենթարկուած են խտրականութեան եւ հալածանքի։ Օգտագործուած գոյները կը յիշեցնեն Վատիկան Քաղաքի դրօշակը։ Իսկ կարգախօսին տակը գրուած է Նորին Սրբութեան անունը ու անոր կողքին երկրին անունը ու այցելութեան տարեթիւը, Սինկափոր դրօշակի կարմիր եւ ճերմակ գոյներով։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/05/2024, 12:38