Որոնել

Papa a fedeli, 'Non ci sono peccati imperdonabili'

Յոբելենական Տարւոյն նուիրուած աղօթք

մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Համբարձման տօնին օրը, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, կէսօրէն ետքը ժամը 17,30 Սուրբ Պետրոս Պազիլիքային մէջ պիտի նախագահէ յառաջիկայ 2025 թուականի Յոբելենական Սուրբ Տարւոյն կոնդակի ընթերցման եւ յանձնման արարողութեան» որուն կը յաջորդէ ժամասացութեան արարողութիւնը։ Ստորիւ կը ներկայացնենք Յոբելենական Տարւոյն նուիրուած աղօթքվ։

Հա՛յր, որ երկինքն ես,

այն Հաւատքը, զոր մեզի ընծայեցիր

Քու Որդիիդ Յիսուս Քրիստոսի՝ մեր եղբօր մէջ,

եւ սիրոյ բոցը

տարածուած մեր սրտերուն մէջ սուրբ Հոգիէն,

թող մեր մէջ կրկին սթափեցնեն երանելի յոյսը

Քու Թագաւորութեանդ գալուստին։

Քու շնորհքդ մեզ թող փոխակերպէ

աւետարանական հատիկներու գործունեայ մշակներու

որոնք կը թրծեն մարդկութիւնն ու տիեզերքը

նոր երկնքի եւ նոր երկրի,

հաւատարիմ սպասումի մէջ,

երբ յաղթուած ըլլան Չարին ուժերը,

առ յաւէտ յայտնուի քու փառքդ։

Յոբելենականի շնորհքը

մեր՝ Յոյսի Ուխտաւորներուս մէջ թող վերակենդանացնէ,

երկնային բարիքներու հանդէպ իղձը

եւ հորդէ ամբողջ աշխարհի վրայ

ուրախութիւնն ու խաղաղութիւնը

մեր Փրկչին։

 

Քեզի, Տէ՜ր, յաւիտենապէս օրհնուած

օրհնութիւն եւ փառք յաւիտեանս.

Ամէն։

ՓՐԱՆԿԻՍԿՈՍ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/05/2024, 08:00