Ֆրանչիսկոս Պապ. Դարձէք ուրախութեան եւ քաղցրաբարոյութեան սուրհանդակներ
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Շաբաթ, 4 յունուարին, առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Դպրոցի միսիոնարներուն Սիենայի Սրբուհի Քաթերինա միութեան ԺԵ ընդհանուր ժողովի մասնակիցները ու անոնց ուղղած խօսքին սկիզբը իր ուրախութիւնը յայտնեց սոյն հանդիպումին համար ապա բարձր գնահատեց ընդհանուր ժողովին այս տարուան նիւթը «Հասկնալ ներկան՝ միասին հասկնալու համար Միութեան ապագան՝ Եկեղեցւոյ հետ իր ճանապարհորդութեան ընթացքին։
Այս թեման «Կը ներկայացնէ նշանակալից մարտահրաւէր մը ու կը համընկնի Աստուծոյ աղախին Լուիճիա Թինքանիի թողած ժառանգութեան հետ» ըսաւ Սրբազան հայրը ու խօսքը կեդրոնացուց Միութեան հիմնադիրին շատ կարեւոր Երեք բառերուն վրայ՝ սրբութիւն, պատրաստութիւն եւ քաղցրաբարոյութիւն։
Սրբութիւն
Սրբութեան վերաբերեալ Ֆրանչիսկոս Պապ ընդգծեց, թէ թէեւ Սրբութիւնը կը վախցնէ սակայն կը ներկայացնէ բոլորին համար ընդհանուր կոչում մը, ինչպէս ցոյց տրուած է Վատիկանի Տիեզերական Բ ժողովին մէջ ու Աստուծոյ շնորհքին հետ կարելի է սրբութիւնը իրականացնել ու վկայել անոր մասին եւ ոչ թէ միայնակ՝ որ անկարելի է ։
Պատրաստութիւն
Պատրաստութեան մասին Ֆրանչիսկոս Պապ քաջալերեց երիտասարդները նուիրուելու ուսումնասիրութեան եւ խոր վերլուծութեան, համեմատութեան, եղբայրական փոխանակման, հաղորդակցութեան մեթոտներուն թարմացման, ողջունելու համար այն ամէն լաւ բաները որոնք կը բխին ժամանակակից ընկերային ուժականութենէն, պահպանելով բաց եւ երկխօսութեան վերաբերմունք
Քաղցրաբարոյութիւն
Քաղցրաբարոյութեան մասին Ֆրանչիսկոս Պապ նշեց, որ անիկա կը բնութագրէ Եկեղեցին իր սկզբնաւորման պահէն, որ Սուրբ Պօղոս կը կապէ ուրախութեան հետ։
Նորին Սրբութիւնը ընդգծեց ուրախութեան առաքելութեան հրատապութիւնը, քանի որ աշխարհը պէտքը ունի իսկական ուրախութեան, այն որ կը ծնի Աստուծոյ եւ ուրիշներու հետ հաղորդութենէն։ Այս առումով Ֆրանչիսկոս Պապ քաջալերեց մայրապետները դառնալու ուրախութեան եւ քաղցրաբարոյութեան սուրհանդակներ, ապրելով ամէն մէկ հանդիպում երախտագիտութեամբ։
Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամը եզրափակեց յայտնելով իր երախտագիտութիւնը կատարուած աշխատանքին համար յատկապէս երիտասարդութեան ոլորտէն ներս, յորդորելով ժողովի մասնակիցները շարունակելու բաց ու խիզախ, ու անհրաժեշտութեան դէպքին վերանորոգուելով, միշտ առաջնորդուելով կեանքի սրբութեամբ, պատրաստութեամբ եւ քաղցրաբարոյութեամբ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ