Որոնել

2025.01.03 Membri dell'Unione Italiana dei Ciechi e degli Ipovedenti

Դարձէք յոյսի նշաններ ձեզ հանդիպողներուն համար․ Ֆրանչիսկոս Պապ

Սրբազան Քահանայապետն ունկնդրութիւն շնորհեց «Կոյրերու եւ տեսողութեան խնդիրներ ունեցող անձերու իտալական միութեան» պատանիներուն ու երիտասարդներուն։
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ 3 Յուուար 2025ին Քլեմենթինա դահլիճէն ներս  ունկնդրութիւն շնորհեց «Կոյրերու եւ տեսողութեան խնդիրներ ունեցող անձերու իտալական միութեան» պատանիներուն ու երիտասարդներուն։

Շնորհաւորելով անոնց Ամանորը՝ Պապը նկատել տուաւ, որ Եկեղեցւոյ համար 2025 թուականը Յոբելենական տարի է՝ «Յոյսի ուխտաւորներ» խորագիրով։ Ուխտաւոր բառը կը ստիպէ մտածել շարժման մէջ գտնուելու մասին, հետեւաբար, քալել որպէս ուխտաւոր կը նշանակէ շարունակական ճամբորդութիւն դէպի որոշակի նպատակակէտ եւ վայր, որ տուեալ պարագային Սուրբ Դուռն է՝ որպէս խորհրդանիշ Յիսուս Քրիստոսի փրկութեան,  յարեց Նորին Սրբութիւնը։

Առաջ շարժիլը բաւական չէ։ Ըստ Ֆրանչիսկոսի պէտք է փնտռել անձնական հանդիպում Յիսուսի հետ եւ լսել Անոր Խօսքը, որ իմաստ ու ուրախութիւն կը հաղորդէ կեանքին։ Ուրախութիւն, որ արտաքինէն անդին կ’երթայ եւ սիրտը կը լեցնէ խաղաղութեամբ, բարութեամբ եւ քնքշութեամբ։

Բոլոր ժամանակներու սուրբերը կը վկայեն, որ իրական ուրախութիւնը միայն Յիսուս կրնայ տալ, ընդգծեց ապա Պապը՝ յիշատակելով Փիեր Ճորճօ Ֆրասաթին՝ թուրինցի երիտասարդ, որ ապրած է հարիւր տարիներ առաջ , ինչպէս նաեւ Ֆրանչիսկոս եւ Քիարա Ասիզացինները, Մանուկ Յիսուսի Թերեզան, որոնք հանդիպելով Տիրոջ  դարձած են սիրոյ եւ ծառայութեան օրինակներ։

Ահաւասիկ «յոյսի ուխտաւորները», շեշտեց Սրբազան Քահանայապետը եւ իր պատգամի աւարտին յորդորեց ներկաները հետեւիլ անոնց  օրինակին՝  փնտռել Յիսուսը, ապրիլ իմաստով ու սիրով լի կեանք՝ այդպիսով դառնալով յոյսի նշաններ իրենց հետ հանդիպողներուն համար։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/01/2025, 11:00