Աշխարհին տանինք Տիրոջ սիրոյն լոյսը. Ֆրանչիսկոս Պապ
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
«Մենք արեւելքի մէջ անոր աստղը տեսանք ու եկանք անոր երկրպագութիւն ընելու» (Մատթէոս 2,2)։ Մոգերու վկայութիւնն է սա, զոր անոնք կը ներկայացնեն Երուսաղէմի բնակիչներուն, անոնց հռչակելով Հրեաներու Փրկչին ծնունդը։
Երկուշաբթի` 6 Յունուար 2025-ի առաւօտեան, Աստուածայայտնութեան տօնին օրը, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Սուրբ Պետրոս պազիլիքային մէջ գլխաւորեց տօնին նուիրուած հանդիսաւոր սուրբ պատարագը, որուն ընթացքին արտասանած քարոզը կեդրոնացուց օրուան խորհուրդին վրայ, ներշնչուելով Մատթէոս Աւետարանիչէն քաղուած` Յիսուսի ծննդեան մասին Մոգերու վկայութիւնը պատմող հատուածէն։
«Մոգերը վկայեցին թէ ճամբայ ելան, որովհետեւ երկինքի մէջ տեսան նոր լոյս մը» ըսաւ Սրբազան Պապը, առաջարկելով խորհրդածել այդ երեւոյթի մասին Տիրոջ Աստուածայայտնութեան տօնի եւ Յոյսի Յոբելեանի առիթով, այդ առընչութեամբ ընդգծելով աստղին երեք յատկութիւններ` լուսաւոր, բոլորին երեւելի եւ ցոյց կու տայ ճանապարհ մը։
Լուսաւոր
Նախ եւ առաջ աստղը լուսաւոր է, ըսաւ Սրբազան Պապը մատնանշելով, թէ ինչպէս ի տարբերութիւն Յիսուսի ժամանակուայ տիրակալներու աստղերուն, որոնց լոյսը շինծու, պաղ ու իշխանութեան հաշիւներով յատկանշուած էր, այս աստղը կը ներկայացնէ նոր ու ջերմ լոյս մը։ Անիկա կը խօսի միակ լոյսի մասին, որ կարող է բոլորին ցոյց տալ փրկութեան եւ երջանկութեան ճանապարհը` սիրոյ լոյսը» յարեց Քահանայապետը ակնարկելով նախ Աստուծոյ սիրոյն` որ մարդեղանալով ինքզինք նուիրեց մեզի` իր կեանքը զոհելով մեզի համար, ապա նշեց թէ մենք եւս կոչուած ենք մէկը միւսին նուիրուելու, դառնալով յոյսի նշաններ, նաեւ կեանքի խաւար գիշերներուն մէջ։
«Այնպէս ինչպէս աստղը իր փայլով առաջնորդեց մոգերը դէպի Բեթղեհէմ, այնպէս ալ մենք մեր սիրով կարող ենք Յիսուսին տանիլ մարդիկը՝ որոնց կը հանդիպինք, անոնց ճանչցնելով Հօր դէմքին գեղեցկութիւնը` մարդեղացած Աստուած որդոյն մէջ (հմմտ. Ես. 60,2), և անոր սիրելու ձևը, որ կազմուած է մօտիկութենէ, կարեկցանքէ և քնքշութենէ ... մեր սրտերը դարձնելով հաւատքով լուսաւոր, մեր հայեացքները առատաձեռն հիւրընկալութիւն, մեր ժեստերն ու մեր խօսքերը եղբայրական, լի բարութեամբ և մարդասիրութեամբ» ըսաւ ի միջի այլոց Նորին Սրբութիւնը ապա անդրադարձաւ երկրորդ յատկութեան:
Աստղը տեսանելի բոլորին
Աստղը տեսանելի է բոլորին, ոչ միայն մի քանի առանձնաշնորհեալներուն։ Անիկա կը յիշեցնէ` որ Աստուած կը յայտնուի բոլոր անոնց, որոնք զինք կը փնտռեն անկեղծութեամբ, եւ Մոգերը, որոնք ներկայացուած են տարբեր յատկութիւններով, տիպարն են աստուածային կոչին տիեզերականութեան։
«Աշխարհի մը մէջ ուր կը թուայ, որ մարդիկն ու ազգերը թէեւ օժտուած հաղորդակցութեան աւելի ու աւելի հզօր միջոցներով, միշտ աւելիով քիչ տրամադիր են իրար հասկանալու, զիրար ընդունելու և հանդիպելու իրենց բազմազանութեամբ» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը, դիտել տալով, որ «աստղը իր լոյսը կը պարգեւէ բոլորին, եւ կը յիշեցնէ, որ Աստուած, մարդանալով, աշխարհ կու գայ հանդիպելու իւրաքանչիւր մարդու ու կնոջ, որեւէ ցեղի, որեւէ լեզուի կամ ժողովուրդի պատկան, ու թէ մեզի կը յանձնէ նոյն առաքելութիւնը, այսինքն յաղթահարելու մերժումը եւ խթանելու հիւրընկալութեան մշակոյթ մը, ուր բոլորն ալ կարող են իրենք զիրենք զգալ հասարակութեան մաս։
«Աստղը երկնքի մէջ է` որպէսզի անոր լոյսը տեսանելի ըլլայ բոլորին, հասանելի դառնալով իւրաքանչիւր տան, յոյս տանելով մինչեւ աշխարհիս ծայրերը» ըսաւ ապա Սրբազան Պապը հաստատելով, որ աստղը մեզի կը խօսի Աստուծոյ երազի մասին, այն է` որ համայն մարդկութիւնը, իր տարբերութիւններու հարստութեան մէջ կազմէ միակ մէկ ընտանիք եւ ապրի համերաշխ` բարօրութեան ու խաղաղութեան մէջ։
Աստղը ցոյց կու տայ ճանապարհը
Աստղը մեզի ցոյց կու տայ ուղեւորութիւնը, ընդգծելով որ մեր կեանքը ուխտագնացութիւն մըն է դէպի Աստուած։ Աստղին լոյսը մեզ կը հրաւիրէ ներքին ճամբորդութիւն մը կատարելու, ինչպէս գրած է Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ, ազատէ մեր սրտերը այն բոլոր բաներէն որոնք սէր չեն, «լիակատար կերպով հանդիպելու Քրիստոսին, Անոր խոստովանելով մեր հաւատքը եւ ընդունելով անոր լիառատ ողորմութիւնը»։
Մենք եւս նայելով աստղին կարող ենք նորոգել մեր յանձնառումը քալելու միասին, նման առաջին Քրիստոնեաներուն, միշտ պատրաստ ըլլալով լայնեցնելու մեր սրտերը ու ամրապնդելու սիրոյ կապերը:
«Թող Տէրը մեզ դարձնէ լոյսեր` որոնք Զինք ցոյց կու տան, Մարիամի նման վեհանձն, մենք մեզ նուիրելու մէջ, բաց` հիւրընկալելու մէկը միւսը եւ խոնարհ` միասին քալելու մէջ, որպէսզի կարողանանք զինք ընդունիլ, ճանչնալ եւ պաշտել, ու Անորմէ վերամեկնիլ նորոգուած, աշխարհին տանելով անոր սիրոյն լոյսը» ըսաւ ապա Քահանայապետը եզրափակելով քարոզը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ