Պատերազմներու ժամանակ թող յարգուի մարդասիրական օրէնքը. Ֆրանչիսկոս Պապ
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Կիրակի` 5 Յունուար 2025ի կէսօրին Ֆրանչիսկոս Պապը իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանած Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքի աւարտին ողջունելէ ետք Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ տեղատարափ անձրեւին տակ համախմբուած հաւատացեալները խրախուսեց շարունակել աղօթել խաղաղութեան համար. Խաղաղութիւն Ուքրանիոյ, Պաղեստինի, Իսրայէլի, Լիբանանի, Սուրիոյ Միանմարի եւ Սուտանի մէջ։
Պատերամզը միշտ ալ պարտութիւն է
«Թող միջազգային հասարակութիւնը գործէ վճռակամութեամբ որպէսզի հակամարտութիւններու ժամանակ յարգուի մարդասիրական օրէնքը։ Բաւ հարուածել անմեղ քաղաքացիները, բաւ է հարուածել դպրոցները, հիւանդանոցները, բաւ է հարուածել աշխատանքային վայրերը» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը շեշտելով որ պատերազմը միշտ ալ պարտութիւն է, «միշտ» ըսաւ Ան ապա բոլոր ներկաներուն մաղթեց բարի կիրակի սովորութեան համաձայն աղօթք խնդրելով իրեն համար եւ ժամադրութիւն տալով վաղուայ` Աստուածայայտնութեան տօնին առիթով կատարուելիք ծիսակատարութիւններուն ու նաեւ Մարեմեան աղօթքին։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ