«Յիսուս` Խաղաղութեան Իշխանը, բոլորին բերէ խաղաղութիւն եւ անդորրութիւն»
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Երկուշաբթի` 6 Յունուարին Աստուածայայտնութեան տօնին օրին առիթով արտասանած Մարեմեան աղօթքի աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապը ողջունելով Սուրբ Պետրոս հրապարակին ու նաեւ «Վիա Տէլլա Քոնչիլիացոնէ» պողոտայի տարածքին համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորները յիշեց, թէ Յայտնութեան տօնը է նաեւ Պատանիներուն Համաշխարհային Միսիոներական օր, որուն այս տարուայ բնաբանն է «Գացէք եւ բոլորը հրաւիրեցէք խնճոյքի»։
Ասկէ մեկնելով Նորին Սրբութիւնը ողջունեց աշխարհի բոլոր միսիոնար պատանիները ու խրախուսեց զանոնք իրենց տարեկիցներուն ի սպաս աղօթքի եւ զօրակցութեան յանձնառումին մէջ։
Ան ապա Արեւելքի Եկեղեցիներուն ուղղեց իր բարի մաղթանքները` ի տես անոնց կողմէ վաղը յիշատակուած Սուրբ Ծննդեան Տօնին, յատուկ աղօթքներ վստահեցնելով բոլոր անոնց, որոնք կը տառապին հակամարտութիւններու պատճառաւ ու մաղթելով որ «Յիսուս` Խաղաղութեան Իշխանը, բոլորին բերէ խաղաղութիւն եւ անդորրութիւն»։
Սրբազան Պապը հուսկ ողջունեց Յայտնութեան տօնին առիթով աւանդական պատմաժողովրդական երթին մասնակցողները ապա հրաւիրեց չմոռնալ աղօթելու խաղաղութեան համար յիշելով Ուքրանիան, Պաղեստինը, Իսրայէլը ու պատերազմի մէջ գտնուող բոլոր երկիները ապա յատուկ ողջոյն մը ուղղեց ուխտաւորներու զանազան խումբերուն եւ խօսքը աւարտեց բոլորին մաղթելով բարի Աստուածայայտնութեան տօն մը, ինչպէս միշտ աղօթք խնդրելով իրեն համար։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ