Քոյր Սիմոնա Պրամպիլլան Վատիկանի մէջ առաջին կին Վերատեսուչը
Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան
Երկուշաբթի` 6 Յունուար 2025ին Ֆրանչիսկոս Պապ Նուիրեալ Կեանքի ու Առաքելական Կեանքի ընկերութիւններուն վերատեսչութեան որպէս Վերատեսուչ նշանակեց, յառաջիկայ 27 մարտին վաթսուն տարեկանը բոլորող կրօնաւորուհի, Քորյ Սիմոնա Պրամպիլլան, որ մինչեւ օրս կը վարէր նոյն վերատեսչութեան քարտուղարի պաշտօնը։ Ան կը հանդիսանայ առաջինը կինը` որ Վատիկանի մէջ յանձն կ՛առնէ Վերատեսուչի մը պաշտօնը։ Անոր հետ միասին Սրբազան Պապը համավերատեսուչ նշանակեց Սալեզեան միաբնութեան երբեմնի Մեծաւոր 65 ամեայ Կարդինալ Անկել Ֆերնանտէզ Արթիմէն։
Ֆրանչիսկոս Պապի քահանայապետութեան ժամանակաշրջանին Վատիկանի մէջ կարեւոր պաշտօններու վրայ կիներուն թիւը աճած է զգալի կերպով եւ 2022ի Praedicate Evangelium սահմանադրութեան համաձայն ան կարելի դարձուցած է, որ նոյնիսկ աշխարհականներ կարողանան Կառավարական դեր մը ունենալ ու ստանձնեն պաշտօններ որոնք նախապէս վերապահուած էին միայն եպիսկոպոսներուն, Արքեպիսկոպոսներուն ու Կարդինալներուն։
Ֆրանչիսկոս Պապը իգական տարբեր անուանումներ կատարած է մինչեւ օրս անոնցմէ նշենք Վատիկանի Թանգարանի տնօրէնուհի Պարպարա Եաթթան, ու Քոյր Ռաֆֆայելլա Փեթրինին` Վատիկանի Կառավարութեան ընդհանուր քարտուղարը, անոնց շարքին են նաեւ զանազան Վերատեսչութիւններու ենթաքարտուղարներ եւ օգնական տնօրէնուհիներ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ