Աղօթենք Կրթութեան իրաւունքի յարգանքին համար. Կրթութիւն` որ անհրաժեշտ է կառուցելու համար աւելի մարդկային աշխարհ մը
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
«Աղօթենք, որպէսզի գաղթականները, փախստականները պատերազմէն տուժած մարդիկը միշտ յարգուած տեսնեն իրենց կրթութեան իրաւունքը, որ անհրաժեշտ է աւելի լաւ աշխարհ մը կառուցելու համար»։ Այս է 2025 տարուան Յունուար ամսուան Քահանայապետին աղօթքի դիտաւորութիւնը, որուն լսատեսողական պատգամը հրատարակուեցաւ այսօր` 2 Յունուար 2025ին, «Քահանայապետի աղօթքի համաշխարհային ցանցի» նախաձեռնութեամբ, որուն մէջ Ֆրանչիսկոս Պապը կը հրաւիրէ աղօթելու կրթութեան իրաւունքին համար։
«Այսօր կ՛ապրինք «կրթական աղէտ մը» եւ այս մէկը չափազանցութիւն չէ», կ՛ըսէ Սրբազան Պապը պատգամին սկիզբը դիտել տալով` «որ պատերազմներու եւ գաղթականութեան ու աղքատութեան պատճառաւ, գրեթէ 250 միլիոն մանուկներ չունին կրթութիւն ստանալու հնարաւորութիւն»։
«Բոլոր մանուկները եւ երիտասարդները իրաւունք ունին դպրոց յաճախելու անկախ իրենց գաղթականական իրավիճակէն» կ՛ ըսէ հուսկ Քահանայապետը հաստատելով, որ «կրթութիւնը բոլորին համար յոյս է. Ան կարող է գաղթականները եւ փախստականները փրկել խտրականութենէն ու ոճրագործ ցանցերէն եւ շահագործումէն.... Բազմաթիւ են շահագործուած անչափահասները» դիտել կու տայ ցաւով Ֆրանչիսկոս Պապը եւ կ՛աւելցնէ «Եւ կրթութիւնը կարող է օգնել անոնց ընդելուզուելու այն համայնքներուն մէջ, որոնք զանոնք կը հիւրընկալեն»։
Ան ապա կը հաստատէ, որ «Կրթութիւնը մեր առջեւ կը բանայ աւելի լաւ ապագայի մը դռները» եւ «այդպիսով գաղթականներն ու փախստականները կարող են իրենց սատարը մատուցել ընկերութեան, ըլլայ իրենց նոր Երկրին մէջ, ըլլայ իրենց ծագման Երկրին մէջ, եթէ որոշեն այնտեղ վերադառնալ»։
«Եւ չի մոռնանք երբեք թէ ան` որ օտարական մը կը հիւրընկալէ, կը հիւրընկալէ Յիսուս Քրիստոսը» կ՛ըսէ հուսկ Նորին Սրբութիւնը 2025 տարուայ Յունուար ամսուան նուիրուած աղօթքի դիտաւորութեան լսատեսողական պատգամին մէջ հրաւիրելով աշխարհի բոլոր քրիստոնեաները աղօթելու, որպէսզի յարգուի գաղթականներու, փախստականներու եւ պատերազմներու թիրախ անձերու կրթութեան իրաւունքը, «կրթութիւն` որ անհրաժեշտ է կառուցելու համար աւելի մարդկային աշխարհ մը» կը հաստատէ Ֆրանչիսկոս Պապը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ