Ֆրանչիսկոս Պապ. Ստեղծել նոր մշակոյթ՝ հիմնուած սերունդներու միջեւ հանդիպումի վրայ
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Շաբաթ, 4 յունուարին, Վատիկանի մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Իտալական կրթական հաստատութիւններուն անդամները՝նշելու համար այնպիսի կարեւոր տարեդարձներ, ինչպէս Իտալիոյ Կաթողիկէ դպրոցներու ընկերակցութեան 80 ամեակը եւ Կաթողիկէ ծնողաց դպրոցներուն ընկերակցութեան 50 ամեակը։
Այս առթիւ արտասանած պատգամին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ ընդգծեց պատմական յիշողութեան եւ ապագայի տեսլականի կարեւորութիւնը՝ շեշտելով որ կրթական յանձնառութիւնը պէտք է հիմնուած ըլլայ ամուր արմատներուն եւ դրական արդիւնքներուն վրայ։
Ֆրանչիսկոս Պապ ապա ուշադրութիւն հրաւիրեց Աստուծոյ մանկավարժութեան վրայ, որ բնութագրուած է մօտիկութեամբ, կարեկցութեամբ եւ քնքշութեամբ ապա ընդգծեց, թէ Ինչպէս Աստուած մարմնաւորման միջոցաւ ցոյց տուաւ դաստիարակչական մեթոտ, որ հիմնուած է սիրոյ եւ ծառայութեան վրայ, հրաւիրելով արժեւորելու իւրաքանչիւր անհատի արժանապատուութիւնը, յատկապէս ամենէն խոցելիինը։
Ֆրանչիսկոս Պապ ապա յորդորեց ընտանիքները պահպանելու երկխօսութիւնն ու հաղորդակցութիւնը, ընդգծելով ընտանեկան կապի կարեւորութիւնը
Նորին Սրբութիւնը խօսեցաւ նաեւ Յոբելինական Տարուան մասին, որպէս Կրթութեան դերի մասին խորհելու հնարաւորութիւն, քաջալերելով ուսուցիչները ըլլալու «յոյսի ուխտաւորներ», հաստատելով որ իւրաքանչիւր կրթական ջանք արժէք ունի, եւ որ յոյսը պէտք է սնուցուի նայելով Յիսուսին որպէս օրինակ։
Ֆրանչիսկոս Պապ դատապարտեց երեխաներուն նկատմամբ կիրառուող անարդարութիւնները ու յորդորեց պայքարելու «պուլլիզմօ»ի դէմ վերահաստատելով ներառական եւ յարգելից դպրոցական միջավայր ստեղծելու կարեւորութիւնը։
Ֆրանչիսկոս Պապ ելոյթը եզրափակեց քաջալերելով ընկերակցութիւնները որ միասին աշխատին ու երբեք չմոռնան իրենց արմատները ու զարգացնել պատասխանատուութեան եւ ներառական նոր մշակոյթ մը, միշտ նկատի ունենալով յոյսի արժէքը։
Ելոյթի աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապ օրհնեց ներկաները ու խնդրեց որ չմոռնան աղօթելու իրենց համար։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ