Ֆրանչիսկոս Պապ. «Աստուած մեզի մօտիկ է, Աստուած կարեկից եւ քնքուշ է»
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Ուրբաթ, 3 յունուար, 2025ին, Վատիկանի մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Իտալիոյ Քաթանզարօ քաղաքի Santi Giovanni Battista ed Evangelista dei Cavalieri di Malta եղբայրութեան անդամները ու անոնց ուղղած ողջոյնի խօսքին սկիզբը իր ուրախութիւնը յայտնեց սոյն հանդիպումին համար, որ տեղի կ՝ունենայ Յոբելինական Սուրբ Տարուան ընթացքին։
Անդրադառնալով Աստուածամօր ծիսական տօնին, որ նշուեցաւ վերջերս ու յիշեալ եղբայրութեան պաշտպան սուրբն է Ֆրանչիսկոս Պապ նշեց, որ եղբայրութեան անդամները Տիրամօր սիրոյ մասին վկայութիւնները կու տան երկրպագելով սուրբ Հաղորդութեան եւ ծառայելով իրենց քաղաքին մէջ քալող մերձաւորին։
Նորին Սրբութիւնը ապա իր խօսքը կեդրոնացուց երեք բայերուն վրայ երկրպագել, ծառայել ու քալել.
Երկրպագել
Ֆրանչիսկոս Պապ ընդգծեց, որ եղբայրութեան անդամները կը հաւաքուին Սուրբ Հաղորդութեան առջեւ ապա հրաւիրեց, որ այս սուրբ տարուան ընթացքին մեծ յանձնառութեամբ զարգացնեն անձնական եւ համայնքային աղօթքը, մաղթելով որ այս մէկը ըլլայ այն ուժը, որ մշտապէս կը թարմացնէ եղբայրութեան հինաւուրց գործունէութիւնը։
Ծառայել
Ֆրանչիսկոս Պապ յարեց որ ամէն անգամ որ եղբայրութեան անդամները կ՝այցելեն ու խնամք կը տանին հիւանդի մը, Յիսուսին է որ ծառայած կ՝ըլլան շեշտելով, որ սերտ կապ կայ երկրպագութեան եւ ծառայութեան միջեւ եւ անիկա պէտք չէ երբեք մոռնալ։ Ֆրանչիսկոս Պապ ապա յարելով որ Յիսուս աշխարհ եկաւ ծառայելու համար հրաւիրեց, որ եղբայրութեան անդամները որթատունկին ճիւղերուն նման տարածեն Քրիստոսի սէրը՝ կարիքաւորներուն եւ փոքրիկներուն։
Քալել
Ֆրանչիսկոս Պապ յարեց որ այս երրորդ բայը կը յիշեցնէ որ Յիսուս՝ Ճանապարհը բոլորս կը հրաւիրէ իրեն հետեւելու հաստատակամօրէն վառ պահելով հաւատքի ջահը, երկրային ուխտագնացութեան ժամանակ։
Պատգամը աւարտելէ առաջ Նորին Սրբութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց եղբայրութեան անդամներուն, ամէն տարի Լատերանի եկեղեցւոյ Զատկուայ մոմերը նուիրելնուն համար ինչպէս նաեւ բարեգթութեան այլ նուէրները պարգեւլնուն համար։
Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամը աւարտեց յորդորելով յոյսով շարունակելու առատաձեռնութեան ճանապարհին վրայ, որուն վրայ Տէրը միշտ կ՝ուղեկցի։ Շնորհելով իր առաքելական օրհնութիւնը ներկաներուն ու անոնց ընտանեկան պարագաներու, Ֆրանչիսկոս Պապ խնդրեց, որ չմոռնան աղօթելու իրեն համար։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ