Ֆրանչիսկոս Պապին ցաւը «New Orleans»ի ահաբեկչական արարքին համար
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
«Խոր ցաւ», այս է Քահանայապետի զգացումը ի տես New Orleans-ի մէջ, 31 դեկտեմբերին, տեղի ունեցած ահաբեկչական արարքին, երբ ինքնաշարժ մը ներխուժեց տօնական մթնոլորտի մէջ տարեվերջը տօնող ամբոխի մը վրայ սպաննելով անոնցմէ 15-ն եւ վիրաւորելով այլ 30 անձ։
Նորին Սրբութիւնը Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղար` Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի ստորագրութիւնը կրող հեռագիրով մը, ուղղուած Այմոնտի Արքեպիսկոպոսին, ուզեց իր ցաւակցութիւնները արտայայտել մարդկային կեանքերու կորուստին համար ու նաեւ վիրաւորներուն համար իր «հոգեւոր մօտիկութիւնը» հաւաստիացնելով համայն հասարակութեան։
Սրբազան Պապը մահացած անձերու հոգին յանձնեց ամենակալ Աստուծոյ սիրալիր ողորմութեան ու աղօթք ապահովեցուց վիրաւորներու շուտափոյթ ապաքինման ինչպէս նաեւ սուգի մէջ գտնուող անձերուն համար։
Յայտնենք որ 31-դեկտեմբերի, ժամը 3.15-անց, «Vieux Carre» ֆրանսական թաղամասի մէջ, Ամերիկայի քաղաքացի, Deloitte ընկերութեան աշխատակից և Աֆղանիստանի մէջ նախկին զինծառայող, 42 տարեկան Շամսուտ Տին Ժապպարը, որ ընդունած էր մահմեդական կրօնը, հասնելով մինչեւ ծայրայեղութեան, իր «pick-up» ինքնաշարժով ներխուժեց ամբոխի մը վրայ, որ այդ վայրին մէջ կը տօնախմբեր ամավերջը, ապա ինքնաշարժէն իջնելով կրակ բացաւ այնտեղ համախմբուած մարդոց վրայ, սպաննելով 15 անձ եւ վիրաւորելով այլ 30 անհատներ, նախ քան ոստիկանութիւնը վրայ հասնելով զինք սպաներ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ