Որոնել

2023.10.04 CHANGES la mostra di Lia Beltrami

24 լուսապատկերներ՝ գեղեցկութեան եւ կործանումի ընդմէջ. «Changes» ցուցահանդէսը կը ժամանէ Սուրբ Պետրոսի հրապարակ

Ցուցահանդէսի բացումը տեղի պիտի ունենայ երեքշաբթի 7 Մայիսին։ Համադրողներն են՝ Լիա եւ Մարիաննա Պելթրամիները, կազմակերպիչն է՝ Հաղորդակցութեան Վերատեսչութիւնը` Մարդկային համապարփակ զարգացումի ծառայութեան եւ «Laudato Si'» բարձրագոյն կրթութեան կենտրոնի հետ համատե
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

«Emotions to Generate Change - Զգացմունքներ՝ փոփոխութիւններ առաջացնելու համար» տիտղոսով նախագիծն է հիմք դարձած Սուրբ Պետրոս Հրապարակին վրայ «Changes - Փոփոխութիւններ» բնաբանով ցուցահանդէսին, որուն բացումը պիտի կատարուի վաղը՝ երեքշաբթի 7 Մայիսին, ժամը 12.30ին։

Համադրողներն են՝ Լիա եւ Մարիաննա Պելթրամիները, կազմակերպուած է Հաղորդակցութեան Վերատեսչութեան կողմէ՝ Մարդկային համապարփակ զարգացումի ծառայութեան եւ «Laudato Si'» բարձրագոյն կրթութեան կենտրոնի հետ համատեղ։ Անիկայ Հանրութեան առջեւ բաց կը մնայ մինչեւ 27 Մայիս։

Աշխարհի տարբեր վայրերէն բերուած 24 լուսանկարներուն մէջ կը հակադրուին մէկ կողմէ՝ բնութեան գեղեցկութիւնը՝ Սուրբ Ֆրանչիսկոսի «Արարչութեան Օրհներգի» յայտնի «Laudato Si'- Գովեալ ըլլաս» բառերուն ուղեկցութեամբ, եւ միւս կողմէ՝ այդ նոյն բնութեան կործանումը՝ կլիմայի փոփոխութիւններու հետեւանքները արտացոլող լուսապատկերներով։

«Changes» տիտղոսը ակնյայտ յղում է Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին «Laudato Deum - Գովաբանեցէ՛ք Աստուած» Առաքելական Յորդորին․ «Բայց, ժամանակի ընթացքին, կը գիտակցիմ, որ բաւականաչափ չենք արձագանքեր, քանզի աշխարհը, որ մեզ կը հիւրընկալէ կը քայքայուի եւ միգուցէ կը մօտենայ բեկման կէտին: Այս հնարաւորութենէն զատ, կասկած չի կայ, որ կլիմայի փոփոխութեան ազդեցութիւնը միշտ աւելիով կը վնասէ շատ մարդկանց եւ ընտանիքներու կեանքին: Մենք կը զգանք անոր ազդեցութիւնը առողջութեան, աշխատանքի, կենսամիջոցներու հասանելիութեան, տուներու, հարկադիր գաղթականութեան եւ այլ ոլորտներու առումով»: (Laudato Deum - 2), կը գրէ Սրբազան Քահանայապետը։

«Փոփոխութիւններ» ցուցահանդէսը, հետեւաբար, ցոյց կու տայ կլիմայական փոփոխութիւններու միշտ աւելի կործանարար հետեւանքները շրջակայ միջավայրի եւ ողջ աշխարհի բնակչութեան համար։ Բացի այդ, այն հրաւէր է՝ փոփոխելու մեր հայեացքը եւ մեր գործողութիւնները՝ այդ երեւոյթներուն հակադրուելու համար եւ Սուրբ Ֆրանչիսկոսի ուժով Աստուած գովաբանելու եւ ողջ ուժով «Գովեալ ըլլաս, Տէր իմ» ըսելու համար։

Նշենք նաեւ, որ լուսանկարներու յենարանները պատրաստուած են 2018ին Թրենթոյի անտառներու Վայա փոթորիկի հետեւանքով տապալուած ծառերու փայտէն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/05/2024, 12:04