Որոնել

2024.05.05 La processione in Piazza San Pietro per il mese mariano

Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ Մարեմեան ամսուայ ջերմեռանդական աղօթք եւ թափօր

Ուրբաթ 31 մայիսին նախատեսուած է Տիրամօր նուիրուած Մայիս ամսուան փակման արարողութիւնը Վատիկանի Պարտէզներու Լուրտի Տիրամօր քարայրին մօտ Սուրբ Վարդարանի աղօթքով եւ թափօրով։
Ունկնդրէ լուրը

Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժանմունք

Շաբաթ 4 Մայիս 2024ի երեկոյեան Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ Մարեմեան ամսուայ ջերմարադութեան նուիրուած առաջին հաւաքը որուն առիթով կատարուեցաւ Սուրբ Վարդարանի աղօթքը եւ ջահերով թափօրը։

Այս մէկը Մայիս ամսուայ ընթացքին կատարուած արարողութիւններէն առաջինն էր որ պիտի կրկնուի նաեւ յառաջիկայ 11, 18 եւ 25 Մայիսին մինչ ուրբաթ 31 մայիսին նախատեսուած է Տիրամօր նուիրուած Մայիս ամսուան փակման արարողութիւնը` Վատիկանի Պարտէզներու Լուրտի Տիրամօր քարայրին մօտ, Սուրբ Վարդարանի աղօթքով եւ թափօրով։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/05/2024, 08:00