Լատերանի Սուրբ Յովհաննէս Պազիլիքայի Սուրբ Դռան բացումը
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Սուրբ Ծննդեան տօնի նախօրէին, 24 դեկտեմբերին, Յոյսի Յոբելեանի տարուան բացման առիթով, Ֆրանչիսկոս Պապին Սուրբ Պետրոս պազիլիքայի Սուրբ Դռան բացումը կատարելէն ետքը, այս օրերուն բացումը կը կատարուի Հռոմի միւս Քահանայապետական պազիլիքաներու Սուրբ Դռներուն, ձեռամբ տեղւոյն եպիսկոպոսին կամ Քահանայապետէն նշանակուած Ծիրանաւորի մը։
Այսպէսով այսօր` Կիրակի 29 դեկտեմբերի առաւօտեան ժամը 10ին, Հռոմի Թեմի Քահանայապետի ընդհանուր տեղակալ` Կարդինալ Պալտասսարէ Ռէյնա բացումը կատարեց Լատերանի Սուրբ Յովհաննէս տաճարի Սուրբ Դռան, որմէ ետքը նոյն տաճարին մէջ մատոյց սուրբ պատարագը։ Մէկ Յունուարին բացումը պիտի կատարուի Սանթա Մարիա Մաճճորէ պազիլիքայի Սուրբ Դռան իսկ 5 Յունուարին պիտի բացուի Սուրբ Պօղոսի անուան պազիլիքային Սուրբ Դուռը։
Նշենք, որ բացի վերոնշեալ սուրբ դռներէն, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի կամքով եւ նախագահութեամբ անցեալ 26 դեկտեմբերին, Սուրբ Ստեփանոս նախավկայի տօնին օրը խորհրդանշական կերպով բացումը կատարուեցաւ նաեւ Հռոմի Ռեպիպիա բանտի «Մեր Հայր» մատուռի Սուրբ Դռան, որպէս իղձ ու մաղթանք ազատութեան կարիքին։ Եւ այս առիթով մատուցած պատարագի ընթացքին արտասանած իր քարոզին մէջ Քահանայապետը խրախուսեց բանտարկեալները կառչած մնալու յոյսի խարիսխին ու բաց պահելու սրտին դռները։
Հարկաւոր է նաեւ ընդգծել թէ ի տարբերութիւն Ողորմութեան նուիրուած արտակարգ Սուրբ տարուան, որուն առիթով Քահանայապետը հրահանգած էր արտակարգ կերպով Սուրբ Դուռերը բանալ աշխարհի տարբեր եկեղեցիներուն մէջ, այս տարուայ սովորական Յոբելեանին առիթով կը բացուին միայն Հռոմի չորս պազիլիքաներուն դռները ու Քահանայապետի կամքով Ռեպիպիա բանտի մատուռին Սուրբ Դուռը։
Սուրբ Յովհաննէսի լատերանեան Պազիլիքայի Սուրբ Դռան բացման արարողութենէն ետք մատուցած Սուրբ Պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ Կարդինալ Ռէյնա նշեց, որ այդ արարքով քրիստոնեայ հասարակութիւնը նորոգեց իր հաւատքը ի Քրիստոս` դուռ փրկութեան, ու նորոգեց նաեւ յանձնառումը դառնալու յոյսի, ողորմութեան ու արդարութեան նշան միւսներուն համար։
Ան ակնարկեց նաեւ օրուան տօնին` Սուրբ Ընտանիքին, հրաւիրելով, որ մենք մեզ ճանչնանք որպէս Աստուծոյ ընտանիքը որ յանձնառու է աճելու միութեան ու սիրոյ մէջ։
«Աստուծոյ խօսքը արդարեւ մեզի կը յիշեցնէ, որ մենք Աստուծոյ զաւակներ ենք շնորհիւ հայրական սիրոյն, որ բացատրուած է անառակ որդիի առակին մէջ` ուր երկու զաւակներն ալ, ըլլայ փոքրը ըլլայ մեծը, չեն հասկնար հայրութեան իմաստը, բայց հայրը անվերապահ սիրով կ՛ընդունի երկուքը» նշեց ի միջի այլոց կարդինալ Ռէյնան, որ ապա հաստատեց, թէ Սուրբ Դուռը կը խորհրդանշէ Հօր ողջագուրումը, որ հակառակ հեռաւորութիւններուն ու գործուած սխալներուն, դէպի մեզի կու գայ ողորմութեամբ։ Այդ դուռէն անցնիլը հրաւէր է բաց սրտով համապատասխանելու Աստուծոյ շնորհքին, որպէսզի դառնանք եղբայրութեան կերտողներ, ու յոյսի վկաները, Աստուծոյ սէրը տանելով անոր` որ ինքզինք հեռու կը զգայ, անոր` որ կը տառապի եւ անոր` որ բացառուած կը զգայ ինքզինք»։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ