Սկիզբ առաւ Պելճիքայի Պալտովինօ թագաւորին երանացման դատի գործընթացը
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Սկիզբ առաւ, 1951-1993 թուականներուն իշխած Պելճիքայի թագաւոր Պալտովինոյի երանացման եւ սրբադասման գործընթացը։ Ան յայտնի էր, այն քաջագործութեամբ, որ 1992ին թուականին, երեսուն վեց ժամ հրաժարեցաւ իր թագաւորութենէն, վիժումի օրինականացման օրէնքը չստորագրելու համար։
Անցեալ սեպտեմբեր ամիս, Պելճիքա կատարած առաքելական այցելութեան ընթացքին Ֆրանչիսկոս Պապ յայտարարեց սրբադասման դատի բացումը, որ պաշտօնապէս սկսած էր Սուրբերու դաստին վերատեսչութեան կողմէն։ 17 դեկտեմբեր 2024ին, ստեղծուեցաւ պատմական յանձնաժողով մը հաւաքելու եւ գնահատելու համար Պալտովինօ թագաւորին փաստաթուղթերը։
Պրուքսել այցելութեան ընթացքին Ֆրանչիսկոս Պապ այցելեց Պալտովինօ թագաւորին գերեզմանը ու գովաբանեց անոր քաջութիւնը՝ որ չստորագրեց մարդասպան համարուող օրէնքը։
Ֆրանչիսկոս Պապ կոչ ըրաւ նաեւ Պէլճքիայի եպիսկոպոսներուն՝ աջակցելու Պելճիճայի թագաւորին սրբադասման դատին։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ