Բացումը կատարուեցաւ նաեւ Սուրբ Պօղոս Պազիլիքայի Սուրբ Դռան
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Կիրակի` 5 Յունուար 2025ի առաւօտեան Սուրբ Պօղոսի անուան Քահանայապետական պազիլիքայի Սուրբ Դռան բացումով կը բոլորուի Քահանայապետի կողմէ «Յոյսի ուխտաւորներ» վերտառութեամբ Յոյսի Յոբելեանին նուիրուած Քահանայապետական պազիլիքաներու Սուրբ Դռներուն բացումը։
Արարողութիւնը գլխաւորեց Կարդինալ Ճեյմս Մայքըլ Հարվի, Պատերէն Դուրս Սուրբ Պօղոս պապական պազիլիքայի Աւագերէցը եւ այս առիթով արտասանած քարոզը կեդրոնացուց օրուան ծիսակատարութեան վրայ նշելով որ Սուրբ Դռան բացումը Եկեղեցին կ՜ապրի ուրախութեան եւ յոյսի պահ մը ու թէ այս խորհրդանշական արարքը կը ներկայացնէ անցքը դէպի ողորմութիւն ու ներում, բոլոր մարդիկը հրաւիրելով հաշտուելու Աստուծոյ ու մերձաւորին հետ։
Ծիրանաւորը մատնանշեց նաեւ Սուրբ Ծննդեան խորհուրդին` որով Մարմնացեալ Աստուած Քրիստոս մեզի տուաւ Աստուծոյ զաւակներ դառնալու արժանապատւութիւնը։
Պատարագիչը ապա հաստատեց թէ յոյսն է այս յոբելենական տարւոյն կիզակէտը յղում կատարելով Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի խօսքերուն որով ան ընդգծած էր թէ քրիստոնէական յոյսը, հիմնուած Աստուծոյ վրայ հաւատարմութեան վրայ, մեզի թոյլ կու տայ դիմակայել ներկան ուրախութեամբ եւ խաղաղութեամբ, մինչ Ֆրանչիսկոս Պապը խրախուսեց Եկեղեցին դառնալու աշխարհի մէջ յոյսի սերմնացան։
Յոյսը ըսաւ ապա Կարդինալ Հարվի, որպէս աստուածաբանական առաքինութիւնը, կրաւորական չէ այլ գործունեայ եւ սնուցուած Սուրբ Հոգիէն։
Ուխտաւոր ըլլալ կը նշանակէ հոգեւոր ճանապարհորդութիւն մը որ կ՛ամրապնդէ մեր հաւաքը ու մեզի կ՛օգնէ կեանքը ապրելու դէպի նպատակ տանող որպէս ուխտագնացութիւն։ «Քրիստոսին խաչը, մեղքին ու մահուան վրայ յաղթութեան նշան, կը ներկայացնէ մեր միակ յոյսը» հաստատեց ի միջի այլոց Սուրբ Պօղոս պազիլիքայի աւագերէցը մատնանշելով որ այս Յոբելեանը մեզ կը հրաւիրէ ճառագայթելու յոյս եւ ըլլալու ուրախութեան վկաները։
Ան ապա քարոզը աւարտեց հայցելով Սուրբ Հոգիին օգնութիւնը որպէսզի մեզ առաջնորդէ այս ուղեւորութեան մէջ, թիկունք կանգնելով մեզի այն յոյսով որ յուսախաբ չի թողուր։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ