Կարդինալ Փարոլին պիտի մեկնի Յորդանան Յիսուսի Մկրտութեան եկեղեցւոյ օծումին համար
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Վատիկանի Պետքարտուղար կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինը նշանակեց Յորդանանի մէջ Յիսուսի Մկրտութեան եկեղեցւոյ օծման քահանայապետական պատուիրակ։ Այս մասին տեղեկացուց Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը հրապարակելով հաղորդագրութիւն մը՝ հինգշաբթի, 2 յունուարին։ Եկեղեցւոյ օծումի արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ 10 յունուարին։
Եկեղեցին յայտնի է որպէս « Պեթանիա Յորդանանի այն կողմը», տեղական լեզուով «Ալ Մաղթաս» բառացիօրէն «ընկղմում» ու կը գտնուի Յորդանանի գետին արեւելեան ափին, Մեռեալ ծովէն ինը քմ հիւսիսը։
Հնավայրը բաղկացած է երկու տարբեր հնագիտական տարածքներէն՝ Թէլ Ալ Խառար, որ նաեւ յայտնի է որպէս «Ժապալ Մար Էլիաս» որտեղէն ըստ աւանդութեան Եղիա Մարգարէն համբարձած է երկինք, եւ Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչի եկեղեցիներու տարածքները՝ գետին մօտ։ Կ՝ենթադրուի, որ այն վայրն է ուր Յիսուսը մկրտուած է։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ