Որոնել

Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմանին տեղադրուած է սահմանային 20 սիւն Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմանին տեղադրուած է սահմանային 20 սիւն 

Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմանին տեղադրուած է սահմանային 20 սիւն

Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան սահմանին վրայ, չափագրութեան հիման վրայ, համակարգի կէտերու ճշդման աշխատանքներու ծիրին մէջ, 25 Ապրիլի դրութեամբ՝ տեղադրուած են 20 սահմանային սիւներ:

Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան սահմանին վրայ, չափագրութեան հիման վրայ, համակարգի կէտերու ճշդման աշխատանքներու ծիրին մէջ, 25 Ապրիլի դրութեամբ՝ տեղադրուած են 20 սահմանային սիւներ: Երկու երկիրներու փորձագիտական խումբերուն աշխատանքները կը շարունակուին: Այս մասին յայտնեցին Հայաստանի վարչապետի աշխատակազմէն:

Մինչ այդ, 23 Ապրիլին, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտարարած է, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի պետական սահմանին շուռջ 10-12 քիլոմեթրը արդէն կարելի է սահմանազատուած նկատել: «Ասիկա կարեւոր կէտ է, եւ պատահական չէ, որ տարածաշրջանային եւ ոչ-տարածաշրջանային բազմաթիւ երկիրներ իրենց աջակցութիւնը կը յայտնեն», ըսած է ան՝ շեշտելով, թէ Երեւան եւ Պաքու հարցին կառուցողական կը մօտենան:

«Մենք կը տեսնենք, թէ ինչպէ՛ս կը շարունակուի այս գործընթացը: Երկու կողմերն ալ կը հասկնան այս հարցին զգայնութիւնը եւ նոյն ժամանակ հաւատարմութիւնը միջազգային իրաւունքին: Կը կարծեմ, որ եթէ հետագայ փուլերուն նոյն մօտեցումը կիրարկուի, մենք պիտի կարենանք աւելի արագ յառաջանալ», ըսած է Ալիեւ։

Աղբիւրը՝ Արեւելք

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/04/2024, 08:49