Որոնել

Քոնկրեսական Քուէյար Քոնկրեսական Քուէյար 

Պաքուէն կաշառքներ ստացած քոնկրեսական Քուէյարին արտաքսումը կը պահանջուի

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան յայտարարեց, թէ բացայայտուածը սառնակոյտ միայն գագաթն է, պնդելով, որ քոնկրեսականը Պաքուի շահերը պաշտպանելու նպատակով, շատ աւելի մեծ գումար ստացած է ապօրինի միջոցներով ։

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կոչ ըրաւ Ներկայացուցիչներու տան, որ անմիջապէս Քոնկրեսէն արտաքսէ Թեքսասէն ընտրուած դեմոկրատ քոնկրեսական Հենրի Քուէյարը, որ անցնող շաբաթավերջին պաշտօնապէս ամբաստանուեցաւ Ատրպէյճանէն եւ Մեքսիքայէն մօտաւորապէս 600,000 տոլարի կաշառքներ ստանալու յանցանքով։

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան յայտարարեց, թէ բացայայտուածը սառնակոյտ միայն գագաթն է, պնդելով, որ քոնկրեսականը Պաքուի շահերը պաշտպանելու նպատակով, շատ աւելի մեծ գումար ստացած է ապօրինի միջոցներով ։

Միացեալ Նահանգներու դատախազութեան պաշտօնական ամբաստանութեան մէջ կը շեշտուի, թէ քոնկրեսականն ու անոր կինը տարիներ շարունակ մեծ գումարներ ստացած են Պաքուէն։ Ամբաստանութիւնները հերքող ամոլը ձերբակալուեցաւ, սակայն քանի մը ժամ անց ազատ արձակուեցաւ 100 հազար տոլար գրաւի դիմաց։

Դատախազութիւնը կը պնդէ, թէ ամբաստանեալներուն հետաքննութեան ընթացքին շարք մը լուրջ փաստեր ի յայտ եկած են, որոնք կը հաստատեն անոնց յանցանքները։

Պաքուէն ստացուած կաշառքներուն դիմաց, Քուէյար խոստացած է ազդել ամերիկեան արտաքին քաղաքականութեան այն ոլորտներուն վրայ, որոնք ուղղակի առնչութիւն ունին Ատրպէյճանին եւ յատկապէս՝ Ատրպէյճան-Հայաստան հակամարտութեան հետ։

Դատախազութեան փաստաթուղթերուն մէջ յիշուող «ատրպէյճանցի դիւանագէտ»ը 2011էն 2021ի միջեւ Ուաշինկթընի մօտ Ատրպէյճանի դեսպան Էլին Սուլէյմանովն է, որ սերտ կապի մէջ եղած է քոնկրեսականին հետ։

Անոնց միջեւ նամակագրութենէն ի յայտ եկած է, որ 2016ի Ապրիլեան պատերազմէն քանի մը օր ետք, Քուէյար պաշտօնական նամակով մը դիմած է Սպիտակ տան, Հայաստանը ներկայացնելով իբրեւ «Ռուսիոյ գործիք», որուն միջոցաւ Մոսկուա կը ջանայ  «ահաբեկել Ամերիկայի դաշնակից Ատրպէյճանին»։

Նաեւ, 2017ի Սեպտեմբերին Քուէյար խոստացած է անձամբ միջամտել՝ փորձելով կանխել Արցախը ականազերծելու համար 1․5 միլիոն տոլար յատկացնելու ջանքերը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/05/2024, 07:10