Որոնել

2024.05.05 Seminario dedicato alle donne - Chiesa Evangelica Armena

Հայաստանեայց Աւետարանական եկեղեցւոյ հովանաւորութեամբ. Կանանց յատուկ Սեմինար՝ Իջեւանի մէջ

Օրերս, հովանաւորութեամբ Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ, Իջեւանի մէջ տեղի ունեցած է համայնքի կին անդամուհիներու յատուկ սեմինար մը, որ կրած է «Միշտ Ուրախ եղէ՛ք ի Տէր» ընդհանուր խորագիրը։

Հայաստանեայց Աւետարանական եկեղեցւոյ 173  անդամուհիներ , Հայաստանի հիւսիսային շրջանի 11 բնակավայրերէն  (Գիւմրի, Վանաձոր, Ստեփանաւան, Սպիտակ, Թումանեան, Ալավերդի, Շիրակամուտ, Իջեւան, Դիլիջան, Բերդ, Նոյեմբերեան), 27 ապրիլին հաւաքուած էր Իջեւանի մէջ՝ Հայաստանեայց Աւետարանական եկեղեցւոյ (ՀԱԵ) հիւրընկալ յարկի տակ:

«Միշտ Ուրախ եղէ՛ք ի Տէր» խորագրով միօրեայ մարզային երկրորդ համագումարին, փակուած ճանապարհներու պատճառով, Նոյեմբերեանի կանանց սերտողութեան խումբը չկարողացաւ ներկայ ըլլալ, կը մասնակցէր միայն երեցկինը:

Համագումարը սկսաւ հիւրասիրութեամբ, հաղորդակցութեամբ, այնուհետեւ շարունակուեցաւ պաշտամունքով: Հայաստանեայց Աւետարանական եկեղեցւոյ (ՀԱԵ) Իջեւանի փառաբանութեան խումբն առաջնորդեց հոգեւոր երգերը, որմէ ետք առիթը տրուեցաւ խօսնակին:

Շարունակելով Փիլիպպեցիս նամակի սերտողութիւնը՝ կանայք առիթ ունեցան լսելու նամակին մէջ արծարծուող ուրախութեան թեմայի մասին: ՀԱԵ աւագ հոգեւոր հովիւ վեր. Յովհաննէս Յովսէփեանը Պողօս առաքեալի՝ Փիլիպպեցիներուն ուղղուած նամակը նկարագրեց որպէս ուրախութեան նամակ, որ գրուած է տխրութեան ժամանակ: Ուրկէ՞ կու գայ արտաքին հանգամանքներէն անկախ՝ այդ ներքին յարատեւ ուրախութիւնը:

Անդրադառնալով առաքեալի հետեւեալ միտքերուն՝ «Ուրախ եղէ՛ք ի Տէր», վերապատուելին անդրադարձաւ ուրախութեան իրական աղբիւրին, ու նկատեց, որ Ի Տէր ուրախանալ կը նշանակէ ճանչնալ Յիսուս Քրիստոսը որպէս մեր Տէր, Փրկիչ եւ Գանձ:

Առաքեալի «Ուրախ եղէ՛ք մէկդ միւսի համար» յորդորին անդրադառնալով վեր. Յովսէփեանը մատնանշեց ուրախութեան ուղղութիւնն ու գործնական դրսեւորումները. «Մենք կ՚ուրախանանք Աստծոյ ժողովուրդի մէջ՝ իրար համար՝ յանուն Քրիստոսի՝ գոհանալով այն գործի համար, որ Ան ըրած է, կ՚ընէ եւ աւարտին կը հասցնէ անոնց մէջ եւ անոնց միջոցով Քրիստոսի օրը (Փիլիպ. 1.6) »,- նշած է ան:

Նիւթն ամփոփուեցաւ «Միշտ Ուրախ եղէ՛ք ի Տէր» կոչով, որով խօսնակը շեշտադրեց ուրախութիւնը՝ անկախ հանգամանքներէն. «Պօղոսը միշտ կ՚ուրախանայ ի Տէր, թէեւ ան նստած է բանտին մէջ՝ թշնամիներու կողմէ վիրաւորուած, լսելով իր հանդէպ հակառակութեան մասին լուրերը: Անոր ուրախութիւնը խարսխուած չէ հանգամանքներու վրայ, այլ իր Փրկչի մէջ է, որ երբեք չի հիասթափեցներ եւ անպայման կ՚ազատէ իրեն»:

Սերտած նիւթն անհատական մակարդակով քննարկելու եւ վերանայելու հնարաւորութիւն համագումարի մասնակիցներն ունեցան փոքր խումբերու մէջ, ուր նկատեցին, որ ուրախութեան թեման խիստ անհրաժեշտ ու կարեւոր է յատկապէս հիմա, երբ կը թուի՝ ուրախանալու շատ բան չկայ:

Աղբիւրը` Արեւելք

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/05/2024, 10:46