Լաւրով. «Մոսկուան պատրաստ է բանակցելու Թրամփի եւ Ուքրանիոյ հարցով անոր բանագնացին հետ»
Մոսկուան պատրաստ է Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահ Տանըլտ Թրամփի եւ Ուքրանիոյ հարցով անոր բանագնացին հետ խորհրդակցութիւններու: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովը:
«Մենք պատրաստ ենք բանակցութիւններու, եթէ անոնք ըլլան ըստ էութեան, տագնապի սկզբնաղբիւրներուն եւ նախագահ Փութինի կողմէ շարադրուած սկզբունքներուն մասին», ըսած է Լաւրով:
Ռուսական դիւանագիտութեան պետը միեւնոյն ժամանակ շեշտած է, թէ Մոսկուան դէմ է ժամանակաւոր զինադադարի գաղափարին: «Ատիկա որեւէ տեղ չի տանիր, մեզի պէտք են վերջնական, իրաւաբանական համաձայնութիւններ», ըսած է ան:
Աղբիւրը` Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ