Որոնել

2024.12.28 Presidente Iran incontra comunità armena e assira

Իրանի Նախագահը հանդիպում ունեցաւ Հայ եւ Ասորի համայնքներու ներկայացուցիչներուն հետ

Իրանի նախկին արտաքին գործոց նախարար Մոհամմետ Ճաւատ Զարիֆ, որ ներկայիս նախագահ Փեզեշքեանի ռազմավարական հարցերու խորհրդականն է, Ս. Ծննդեան տօնին առիթով աշխարհի քրիստոնեաներուն ուղղեց իր պատգամը Թեհրանի հայկական առաջնորդանիստ Սուրբ Սարգիս մայր եկեղեցիէն, խաղաղութիւն մաղթելով բոլորին։

Ամանորի եւ Ս. Ծնունդի տօներուն ընդառաջ՝ 24 Դեկտեմբերին, Իրանի նախագահ Մասուտ Փեզեշքեան հանդիպում ունեցաւ երկրի քրիստոնեայ համայնքներու՝ հայերու եւ ասորիներու հոգեւոր ու ազգային ներկայացուցիչներուն հետ։

Նախագահը իր խօսքին մէջ, ի միջի այլոց, ըսաւ հետեւեալը. «Եկած եմ ըսելու, որ մենք ձեզի հետ ենք եւ բոլորս կը փափաքինք միասին ապրիլ, յանուն խաղաղութեան, բարօրութեան, արդարութեան, ճշմարտութեան եւ սիրոյ»։

Հանդիպումին ներկայ էին Իրանի խորհրդարանի հայ երեսփոխաններ Արա Շահվերդեան եւ Գեղարդ Մանսուրեան, «Ալիք» հաստատութեան ներկայացուցիչը, քահանայ հայրեր, ազգային մարմիններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ համալսարաններու հայ դասախօսներ:

ՆԱԽԱԳԱՀ ՓԵԶԵՇՔԵԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ԵՐԿՈՒ ՀԱՅ ՆԱՀԱՏԱԿՆԵՐՈՒ ԸՆՏԱՆԻՔՆԵՐՈՒՆ

Նոյն օրը, երեկոյեան, նախագահ Փեզեշքեան այցելեց Իրան-Իրաք պատերազմին, ինչպէս նաեւ ահաբեկչական գործողութեան զոհ գացած երկու իրանահայ նահատակներ Գագիկ Թումանեանի եւ Անուշաւան Այվազեանի ընտանիքներուն:

Նախագահը իր խօսքին մէջ ըսաւ, թէ Իրանի ժողովուրդը կը գնահատէ նահատակութեան փառքին արժանացած իր զաւակներուն հաւատարմութիւնը եւ անձնազոհութիւնը ու մեծապէս կը յարգէ անոնց ընտանիքները:

ԶԱՐԻՖ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻԷՆ ԱՇԽԱՐՀԻ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՆԵՐՈՒՆ ՈՒՂԵՐՁ ՅՂԵՑ

Իրանի նախկին արտաքին գործոց նախարար Մոհամմետ Ճաւատ Զարիֆ, որ ներկայիս նախագահ Փեզեշքեանի ռազմավարական հարցերու խորհրդականն է, Ս. Ծննդեան տօնին առիթով աշխարհի քրիստոնեաներուն ուղղեց իր պատգամը Թեհրանի հայկական առաջնորդանիստ Սուրբ Սարգիս մայր եկեղեցիէն, խաղաղութիւն մաղթելով բոլորին։

Տարեվերջի սոյն ուղերձը հայկական եկեղեցիէն աշխարհին յղելը Թեհրանի կողմէ ուշագրաւ ազդակ մըն է։

Աղբիւրը` Ասպարէզ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/12/2024, 08:07