Պայտըն. «Նիւ Օրլինզի մէջ վրայերթին ու Լաս Վեկասի պայթումին միջեւ կապի վերաբերեալ հետաքննութիւնները ընթացքին մէջ են»
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն յայտնեց, որ իշխանութիւնները հետաքննութիւն կը կատարեն իմանալու, եթէ Նիւ Օրլինզ քաղաքին մէջ վրայերթի դէպքին եւ Լաս Վեկասի մէջ «Թրամփ պանդոկ»-ին առջեւ «Թեսլա» տիպի ինքնաշարժի պայթումին միջեւ կապ կայ:
Պայտըն ըսաւ, որ «Էֆ.Պի.Այ.»-ը իրեն փոխանցած է, թէ յարձակումին հեղինակը յարձակումէն ժամեր առաջ ընկերային ցանցերուն վրայ հրապարակած է տեսագրութիւններ, որոնք ցոյց կու տան, թէ ան կ՛որդեգրէ ՏԱՀԵՇ-ի գաղափարները, եւ որոնց մէջ ան փափաք կը յայտնէ սպանութիւն կատարելու:
Սպիտակ տան ղեկավարը նշեց, որ հետաքննութիւնը կը շարունակուի` աւելցնելով, որ «ոչ ոք պէտք է արդիւնքները կանխէ»:
1 յունուարին Լաս Վեկասի մէջ «Թրամփ» պանդոկին առջեւ պայթեցաւ «Թեսլա Սայպըրթրաք» տիպի ինքնաշարժ մը, այդ պատճառով ալ վիրաւորուեցան ինքնաշարժին մօտ գտնուող 7 անձեր:
Հետաքննութիւնը դէպքը կը նկատէ հաւանական ահաբեկչական արարք մը: Այս մասին «Էն.Պի.Սի. Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեցին 3 բարձրաստիճան պաշտօնատարներ:
«Էն.Պի.Սի. Նիուզ»-ի համաձայն, ինքնաշարժը վարձուած է «Թուրօ» ընկերութենէն, ուրկէ վարձուած է նաեւ ժամեր առաջ Նիւ Օրլինզի մէջ վրայերթի ընթացքին օգտագործուած բեռնակառքը: Յարձակումին պատճառով արձանագրուած է 15 զոհ եւ 35 վիրաւոր:
«Էֆ.Պի.Այ.»-ը հաղորդեց, որ Նիւ Օրլինզի մէջ յարձակումին հեղինակը Թեքսաս նահանգէն, Միացեալ Նահանգներու քաղաքացի, 42 տարեկան Շամետտին Ժապպարն է: Անոր փոքր բեռնակառքին մէջ ՏԱՀԵՇ-ի դրօշ, կարգ մը զէնքեր եւ ձեռնառումբեր յայտնաբերուած են:
Երէկ նաեւ հաղորդուեցաւ, որ առնուազն 11 անձեր վիրաւորուած են Նիւ Եորքի Քուինզ թաղամասին մէջ գտնուող գիշերային վայրի մը մէջ կրակոցի պատճառով:
Աղբիւրը՝ Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ