Որոնել

 Մոնթենեկրոյի մէջ սուգի օր Մոնթենեկրոյի մէջ սուգի օր  (Copyright by Stevo Vasiljevic. All rights reserved)

Զինեալ մը Մոնթենեկրոյի մէջ 10 անձեր սպաննեց

Մոթենեկրոյի վարչապետ Միլոյքօ Սփայիչ եռօրեայ սուգ յայտարարեց` աւելցնելով, որ կառավարութիւնը զէնքի գնման վրայ նոր սահմանափակումներ պիտի հաստատէ:

Ապահովական պաշտօնատար մը «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնած է, թէ Մոնթենեկրոյի Պաժիչէ քաղաքին Սեթինժէ շրջանին մէջ զինեալ մը սպաննած է 10 անձեր, որոնց շարքին 2 մանուկներ:

Մոնթենեկրոյի «Ֆիճիսիթի» պատկերասփիւռի կայանին համաձայն, ճաշարանի մը մէջ տեղի ունեցած կրակոցէն առաջ կէսօրէ ետք կռիւ տեղի ունեցած է:

Մոնթենեկրոյի ոստիկանութիւնը հաղորդեց, որ ոստիկաններ պաշարած են զինեալը, որուն հրամայուած է զէնքը վար դնել, սակայն ան անձնասպանութիւն գործած է: Ոստիկանութիւնը նշեց, որ ան գինով եղած է:

Մոթենեկրոյի վարչապետ Միլոյքօ Սփայիչ եռօրեայ սուգ յայտարարեց` աւելցնելով, որ կառավարութիւնը զէնքի գնման վրայ նոր սահմանափակումներ պիտի հաստատէ:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/01/2025, 09:17