Որոնել

2024.12.30-MONS.-KRIKOR-CHIFTJIAN.jpg

Ո՞ւր Է Յիսուսը…Գրիգոր Արք. Չիֆթճեան

Նորածին արքան քեզի նման մարդ արարածներուն սրտին մէջ է, յատկապէս անոր՝ որ քու օժանդակութեանդ կարօտ է այս պահուն: Յիսուս անծա­նօթ չէ՛: Բոլորս ալ զինք լաւ կը ճանչնանք, սակայն փորձենք երբե՛ք մեր մտքէն չհեռացնել զայն: Մեզմէ իւրաքանչիւրը, թող իր անձը առօրեայ դրու­թեամբ բարեփոխելու աշխատանքին նուիրուի, որպէսզի արթուն մնայ նորածին Արքային լացի ձայնէն: Նման երկնառաք ձայն մը կրնայ քու հարցումիդ պատաս­խանել, եւ բացայայ­տել, թէ՝ ո՞ւր է Յիսուսը:

Սովորական մարդիկ չէին կրնար գիտնալ, թէ ո՛ւր պիտի ծնէր Յիսուս: Մո­գերը զարգացած եւ տիեզե­րագիտութեան բնա­գա­­ւառին մէջ յառաջդիմած անձեր էին, որոնք երկնա­կամարին վրայ տեսնելով Անոր աստղը, ճամբայ ե­լան դէ­պի Հրէաստան, ճշդելու համար, թէ՝ ո՞ւր է նո­րածին Արքան, որուն աստղը ճանչցած էին…:

Բայց մե՞նք ինչու նոյն հարցումը կու տանք…

Ո՞ւր է Յիսուսը…

Սոյն հարցումը առաջին անգամ Հերովդէս ար­քային տուին, Արեւելքէն նորա­ծին Յիսուսին տե­սութեան եկած երեք մոգերը՝ Մելքոնը, Գասպարը եւ Պաղտասարը, երբ մոգական գիտութեան մօ­տէն ծանօթ ըլլալով, երկնակամարի աստղերու խում­բին մէջ, Անոր ծնունդը աւետող աստղ տեսեր էին:

Մարիամը եւ Յովսէփը Բեթղեհէմի մէջ, ոչ­խար­ներու հօտի յա­տուկ ագարակի մը մէջ ծուարած՝ նորածին Միածին որդին խանձարուրով պատելով, յարդով լեցուն մսուրին մէջ դրին:

 _ Ո՞ւր է Յիսուսը: Մանուկ արքային լալկան ձայնը լսեցին վստահաբար մո­գերը եւ մօտեցան քարայրին, որուն մօտ կանգնած էին նաեւ հովիւները, երկինքէն լսած ըլլալով հրեշտակներուն տուած խաղաղութեան «Փառք ի բարձունս» պատ­գամը: Ոսկի, կնդրուկ եւ զմուռս նուիրելով երկնաւոր Արքային, մոգերը նաեւ երկրպագե­ցին անոր, հնաբոյր ժամանակ­ներէն ժառանգած խոր յարգանքով, եւ երկինքէն ուղ­ղութիւն ստա­ցած ըլլալու հոգեթրթիռ եր­կիւ­ղածութ­եամբ:

Ո՞ւր է Յիսուսը:

Մոգերուն արտասանած սոյն դրական հարցումին բառային կրկնութիւնը, յատ­կապէս հաւատացեալ կամ թերահաւատ քրիստոնեաներու բերնէն, այսօր ալ կրնանք լսել: Աշխարհի զանազան երկիրներուն մէջ տեղի ունեցող պատերազ­մա­կան գործողութիւնները, հազարաւոր մարդոց անտուն մնալը, անհամար մեծե­րու եւ մանուկներու սպանութիւնը, բազմաթիւ երեխաներու որբացումը, երկիրներու  ղեկա­վարներու քմահաճոյքէն բխած անգութ որոշումները, ինչպէս նաեւ հազարա­ւոր մարդոց գաղթականի ցուպ ձեռք վերցնելն ու անորոշ ուղղութ­եամբ փախչիլը, նորանոր դժբախտութիւններու պատճառ կը հանդիսանան աշխարհի մէջ, եւ քա­ղա­քա­կիրթ մարդկու­թիւնը անորոշ ճամբաներով կÿառաջնորդեն:

Պարզ հարցում մը տանք. Աստուա՞ծ է այս բոլորը կատարողը, թէ՞ մարդը: Մտային եւ մարմնական տարբեր ցաւերով տառապողներուն համար, յանցանքը աշխարհի երե­սէն բարձրացնելու եւ մինչեւ երկինքի կապոյտը տանելու գործը, շատ աւելի հեշտ կը թուի, քան իրենց անձին եւ շրջապատին մէջ զայն փնտռելը: Միթէ՞ Աստուած է պա­տերազմներ հրահրողը, կամ այլ երկիրների նաւթային հան­քերը իրեն ենթարկելու ծրագրեր մշակողը…: Աստուծոյ մօտիկ եւ աղօթքով անոր միացած մարդիկ, հոգե­կան բարձրութենէն կը նային պատերազմական անորոշու­թիւններուն, խղճով կը հետեւին երրորդ երկիրներուն մէջ իրենց գոյութիւնը հազիւ պահպանող մարդոց կեանքին: Միւս կողմէ, աշխարհի բոլոր ղեկավարներուն մարդկային մտածողութ­եան անոնք յատուկ վերապահութեամբ կը նային, միշտ ա­նակնկալ­ներու պատրաստ ըլլալով:

Հաւատքի մէջ տկար ըլլալը, մարդոց տուն փնտռելու ջանքին կը նմանի: Շատերը տուն կը փնտռեն, սակայն իրենց ակնկալած բնակարանին չեն տիրա­նար: Հոգեւոր կեանքի եւ լաւագոյն ապրումներու տէր «անձը»՝ հաւատքն է, զոր չենք կրնար «փողոցը» թողուլ: Անիկա յատուկ տան կարիք ունի:

Քրիստոնէական մեր հաւատքին հիմնական տունը, ուր հոգեպէս ծներ ենք եւ մեծցեր, Յիսուսի մսուրն է: Մեր հաւատքը այս տան կարիքը ունի, որովհե­տեւ ձմրան անձրեւէն եւ ամրան տաքէն փրկուելու միակ տեղն է այն: Մեր երկնաւոր Մայրը՝ Սբ. Կոյս Մարիամ Աստուածածինը, մեր մնայուն խնամատարն է, որով­հե­տեւ իր Որդիին հանդէպ ունեցած հոգածութիւնը, մսուրէն մինչեւ խաչ գործադրեց, արիւնաքամ սրտով:

Աշխարհի ներկայ անապահով կացութիւններուն մէջ յայտնուելով, յաճախ մարդոցմէ ոմանց հաւատքը կը տկարանայ: Աւետարանական դրուագները եւ պատ­գամերը մեզ գօտեպնդելու եւ հոգեպէս զօրացնելու համար են: Յիսուս բա-ցայայտ կÿըսէ, որ պատերազմներու ձայներ պիտի լսենք, երբ ազգեր իրարու դէմ կռուին, թագաւորութիւններ՝ թագաւորութիւններու դէմ, տեղ-տեղ սով, համա­ճա­րակ, երկ­րաշարժ եւ այլ դժբախտութիւններ տեղի պիտի ունենան, որոնք երկունքի սկիզբը պիտի ըլլան դեռ (հմմտ Մտ 24. 6-8): Յիսուս ո՛չ թէ տագնապահար աշ­խարհի մասին գուշա­կութիւն կատարած է, այլ կանխաւ իր զգու­շացումները տուեր է մարդ­կութեան. սակայն ո՞ւր է մեր հաւատքը այսօր, որ տակաւին անգիտակցաբար ամէնուրեք կը փնտռենք, նոյնիսկ Անոր ուղղելով մեր միտքը զբաղեցնող հարցումը.

Ո՞ւր ես, Յիսո՛ւս…

Անգիտակցութիւնը, մեր հաւատքի տկարութեան հետեւանքն է: Երանի՜ մո­գերուն նման, միեւնոյն հարցումը ուղղենք դրականօրէն… ո՞ւր է Յիսուսը. ան է փրկութ­իւնը…: Մոգերուն նման նուէր ունի՞նք Անոր յանձնելու: Համայն աշխարհի մարդոց սրտին մէջ Յիսուսին յարմար նուէրներ մնացի՞ն արդեօք: Միայն սոյն ան­կեղծութիւնը կրնայ փաստել մեր հաւատքին ամբողջականութիւնը, որ նա­եւ մեր փրկութեան մաքուր ճամբան պիտի ըլլայ:

Այ՛ս հաւատքով երբ փնտ­ռենք Յիսուսը, այն ատեն միայն մեր հոգիին մէջ լա­ւագոյն բազմոցը տրամադրած կÿըլլանք Անոր: Յիսուսը մեր հոգիին մէջ տեղաւո­րելէ ետք, Աստուած անպայման յոյսի նշոյլը մեր մէջ փարոսի կը վերածէ, եւ միայն այն ատեն մեր կեան­քի ապահով ուղին կը յաջողինք գծել, պայծառ ա­պա­գայի մը հասնելու համար:

Ո՞ւր է Յիսուսը…

Անոր տեղը չմոռնալու քրիստոնէական միջոցներէն է՝ ուժեղ հաւատքով, քու սրտիդ մէջ բնակութեան հրաւիրուած Յիսուսին ներկայութեան բերել նաեւ ու­րիշ­ները: Ան որ իր ուրախութիւնը առանձին կը տօնէ, իր ամբողջ կեանքին մէջ անձ­նասիրութեան գրկին մէջ ծուարած կը մնայ: Անոնք որոնք կեանքի դժւարութիւն­ներուն բեռին տակ կքած են, երկնային միջամտութիւն պիտի համարելու ձեր բարի կամքը, եւ մեծ սիրով պիտի ընդունին ձեր սրտէն բխած ա­մէնէն թանկագին գանձը՝ ձեր սէրը:

Գտա՞ր Յիսուսը…:

Նորածին արքան քեզի նման մարդ արարածներուն սրտին մէջ է, յատկապէս անոր՝ որ քու օժանդակութեանդ կարօտ է այս պահուն: Յիսուս անծա­նօթ չէ՛: Բոլորս ալ զինք լաւ կը ճանչնանք, սակայն փորձենք երբե՛ք մեր մտքէն չհեռացնել զայն: Մեզմէ իւրաքանչիւրը, թող իր անձը առօրեայ դրու­թեամբ բարեփոխելու աշխատանքին նուիրուի, որպէսզի արթուն մնայ նորածին Արքային լացի ձայնէն: Նման երկնառաք ձայն մը կրնայ քու հարցումիդ պատաս­խանել, եւ բացայայ­տել, թէ՝ ո՞ւր է Յիսուսը:

Աղբիւրը` Ասպարէզ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/01/2025, 20:19