Որոնել

2023.01.02 Rev Vahan Tutighyan

Ծնունդի Հոգին - Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ Ծննդեան պատգամը

Իբրեւ Քրիստոսի հետեւորդներ՝ մեր կոչումն է պատգամել Յիսուս Քրիստոսի Ծննդեան աւետիսը բոլորին: Իբրեւ քրիստոնեաներ՝ մեր կոչումն է Քրիստոսի յուսոյ, սիրոյ, փրկութեան եւ խաղաղութեան աւետիսը շեփորել եւ Ծնունդի հոգին ապրիլ ու տարածել:

 

Բեթղեհէմի դաշտերուն մէջ գիշերով իրենց հօտերուն պահակութիւն ընող հովիւներուն՝ Աստուծոյ հրեշտակը երեւցաւ եւ յայտարարեց. «Ձեզի աւետիս մը պիտի տամ, որ ամբողջ ժողովուրդին մեծ ուրախութիւն պիտի պատճառէ» (Ղուկ. 2.10):

Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ Ծնունդը աւետիս մըն էր, որ տիեզերական տարողութիւն ունէր, եւ մեծ ուրախութիւն պիտի պատճառէր համայն մարդկութեան: Ինչո՞ւ: Քանի որ Բեթղեհէմի, Դաւիթի քաղաքին մէջ ծնող Մանկիկը՝ «Փրկիչ եւ Օծեալ Տէր», յոյս եւ լոյս, սէր եւ խաղաղութիւն բերող Մեսիան պիտի ըլլար: Անոր համար է, որ Ծնունդի հոգին յոյսի, խաղաղութեան եւ սիրոյ հոգին է, որ Յիսուս բերաւ մարդոց: 

Նախ, Ծնունդի հոգին յոյսի հոգին է: Յիսուս Քրիստոսի Ծնունդէն դարեր առաջ, Եբրայեցի անուանի մարգարէները յայտարարեցին Մեսիային գալուստը: Եսայի մարգարէն նախքան Քրիստոս ութերորդ դարուն այսպէս կը մարգարէանար. «Խաւարի մէջ քալող ժողովուրդը մեծ լոյս տեսաւ, մահուան շուքի երկիրը բնակողներուն վրայ լոյս ծագեցաւ» (Եսայի 9.2): Իրեն ժամանակակից Միքիա մարգարէն կը գրէր. «Իսկ դո՛ւն Բեթղեհէմ Եփրաթա, թէպէտ Յուդայի հազարաւորներուն մէջ փոքր ես, Քեզմէ՛ պիտի ելլէ ինծի համար Ա՛ն, որ Իսրայէլի վրայ կառավարիչ պիտի ըլլայ» (Միքիա 5.2):

Բայց յոյսի եւ ակնկալութեան այդ հոգին վերապահուած չէր միայն հրեայ ժողովուրդին: Դարեր ետք, իմաստուն Մոգերը նոյնպէս այդ յոյսով տոգորուեցան երբ արեւելքի մէջ տեսան անոր աստղը եւ հետեւեցան անոր մինչեւ գտան նորածին Արքան, որ պիտի դառնար մարդկութեան լոյսն ու յոյսը:

Լոյսը խաւարը լուսաւորելու համար է: Խաւարին մէջ մահ կը տիրէ, իսկ լոյսին մէջ՝ կեանք: Այդ պատճառով էր որ աւետարանիչը կը վկայէր. «Կեանքը Անով էր եւ կեանքը մարդոց լոյսն էր»: Իսկ լոյսով լուսաւորուած մարդոց, իր ճշմարիտ հետեւորդներուն, Յիսուս ըսաւ. «Դո՛ւք էք աշխարհի լոյսը… ձեր լոյսը թող այնպէս շողայ մարդոց առջեւ, որ անոնք ձեր բարի գործերը տեսնեն եւ փառաւորեն ձեր Հայրը որ երկինքի մէջ է» (Մատթ. 5. 13, 16):

Ծնունդի հոգին կը մղէ մեզ Քրիստոսի վկաներն ու դեսպանները ըլլալու եւ յոյս ներշնչելու հո՛ն, ուր յուսահատութիւն կը տիրէ, լոյս ըլլալու կեանքի մութ բաւիղներու մէջ խարխափողներուն՝ առաջնորդելով զանոնք դէպի Լուսոյ Աղբիւրին:

Երկրորդ, Ծնունդի հոգին խաղաղութեան հոգին է: Քրիստոսի Ծնունդը մարգարէացող տեսանողները դարեր առաջ գալիք Մեսիան անուանեցին «Խաղաղութեան Իշխան» (Եսայի 9.6), «Խաղաղութիւն բերող Առաջնորդ» (Միք. 5.5): Իսկ իր Ծնունդը աւետող հրեշտակներու խումբը այսպէս կ՛օրհնաբանէր զԱստուած՝ «Երկինքի բարձունքներուն մէջ Աստուծոյ փա՜ռք, խաղաղութիւն երկրի վրայ եւ մարդոց մէջ բարեացակամութիւն» (Ղուկաս 2.14):

Հարց կրնայ տրուիլ, սակայն, թէ ո՛ւր է Անոր բերած խաղաղութիւնը կամ մարդոց մէջ եղած բարեացակամութիւնը: Խաղաղութիւնն ու բարեացակամութիւնը արտաքուստ պարտադրուած իրականութիւններ չեն, բռնի կերպով չեն տրուիր: Անոնք աստուածային պարգեւներ են, որ սիրով կ՛ընդունուին: Երբ մարդիկ «Խաղաղութեան Իշխան»ին գերիշխանութիւնը կ՛ընդունին, Աստուծոյ արքայութեան հպատակ կը դառնան, եւ զԱյն իրենց կեանքին տէր ու առաջնորդ կը դաւանին, այն ատեն իրենց սիրտին ու կեանքին մէջ կը գտնեն ճշմարիտ խաղաղութիւն եւ միանգամայն իրենց նմաններուն հանդէպ կը տածեն իրական բարեացակամութիւն:

Արդ, աստուածատուր խաղաղութիւնը կախեալ չէ կեանքի պայմաններէն, մարդոց շրջապատէն, կամ աշխարհի վիճակէն: Հեղ մը որ Խաղաղութեան Իշխանը կը գահակալէ մարդոց կեանքերուն մէջ, այլեւս մարդիկ կը ճանչնան զԱստուած իբրեւ իրենց Երկնաւոր Հայրը եւ Անոր միւս զաւակները իբրեւ եղբայրներ ու քոյրեր, յայնժամ կը տիրէ «յերկիր խաղաղութիւն եւ ի մարդիկ հաճութիւն»:

Երրորդ, Ծնունդի հոգին սիրոյ հոգին է: Բեթղեհէմ աւանին մէջ ծնող Մանուկն է «Մարմնացած Բանը», որ այնքան սիրեց մարդիկ, որ յօժարեցաւ իր երկնային փառքն ու արքայական գահը ձգել եւ աշխարհ գալ մեղքի տիղմին մէջ թաղուած մարդկութիւնը փրկելու. անոնց մեղաց կապերը քակելու, ինկածները վերցնելու, հիւանդները բժշկելու. մարդիկ երկնային շնորհներով օժտելու եւ զանոնք իր փառքին մասնակից դարձնելու:

«Բանը մարմին եղաւ եւ մեր մէջ բնակեցաւ» կ՛ըսէ Աւետարանիչը, որպէսզի մեղաւոր մարդը Աստուծոյ հետ հաշտեցնէ, երկինքի եւ երկրի միջեւ հաղորդակցութեան կտրուած կապը վերահաստատէ:

Այս բոլորին ետին կանգնող մղիչ ոյժը աստուածային սէրն էր՝ անշահախնդիր, անձնուրաց, անսասան սէրը: Աստուած՝ Քրիստոսի մէջ եւ Քրիստոսի միջոցով Իր ամբողջութիւնը տուաւ մարդոց: Ան որ հարուստ էր Ինքզինք աղքատացուց՝ մեզ հարստացնելու համար: 

Իբրեւ Քրիստոսի հետեւորդներ՝ մեր կոչումն է պատգամել Յիսուս Քրիստոսի Ծննդեան աւետիսը բոլորին: Իբրեւ քրիստոնեաներ՝ մեր կոչումն է Քրիստոսի յուսոյ, սիրոյ, փրկութեան եւ խաղաղութեան աւետիսը շեփորել եւ Ծնունդի հոգին ապրիլ ու տարածել:

Վսեմ իմաստով մը Յիսուս Քրիստոսի առաքելութիւնը նաեւ մե՛ր առաքելութիւնն է: Մեր կոչումն է քաջալերել մարդիկ որ ընդունին Աստուծոյ շնորհած ձրի փրկութիւնը, պաշտպանել արդարութիւնը, կարեկցիլ զրկուածներուն, հոգ տանիլ որբերուն, կերակրել անօթիները, բարձրացնել ինկածները. բանիւ, գործով եւ կեանքի եւ կենցաղի վկայութեամբ աւետաբերներն ու բանբերները դառնալ մեր տէր Յիսուս Քրիստոսի:

«Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ. Ձեզի, մեզի մեծ աւետիս»:

ՎԵՐ. ԴՈԿՏ. ՎԱՀԱՆ Յ. ԹՈՒԹԻԿԵԱՆ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/01/2025, 10:00