Որոնել

Արամ Ա Վեհափառ Հայրապետը Արամ Ա Վեհափառ Հայրապետը 

Արամ Ա Կաթողիկոսին Սուրբ Ծննդեան Հայրապետական պատգամը

Դառնանք յոյսի աղբիւրին՝ Աստուծոյ Ծնեալ Որդւոյն

Նոր Տարուան սեմին եւ Աստուածայայտնութեան խորհուրդով օծուն այս օրերուն, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքէն հայրապետական օրհնութեամբ կ՚ողջունենք մեր ժողովուրդի սիրելի զաւակները:

“Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ, ձեզի մեզի մեծ աւետիս:”

Եղբայրական ջերմ սիրով կ՚ողջունենք հայ եկեղեցւոյ Նուիրապետական Աթոռներու գահակալները՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը, Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Նուրհան Արք. Մանուկեանը եւ Կոստանդնուպոլսոյ Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Սահակ Արք. Մաշալեանը, մաղթելով իրենց քաջառողջութիւն եւ եկեղեցաշէն իրագործումներով հարուստ երկար գահակալութիւն:
Հայրական սիրով կ՚ողջունենք մեր Սուրբ Աթոռի թեմակալ առաջնորդները, Ազգային Իշխանութիւնները եւ համայնքային կառոյցները՝ իրենց մաղթելով Աստուծոյ մարդեղացեալ Որդւոյն աշխարհ բերած սիրոյ ու խաղաղութեան երկնային պարգեւներով լեցուն օրեր:

Տագնապի մէջ էր խրած հին աշխարհը, որովհետեւ հեռացած էր Աստուծմէ: Տագնապի մէջ էր մարդը, որովհետեւ դաւաճանած էր իր Աստուածատուր կոչումին: Եւ ահա յուսաբեկ աշխարհին մէջ կը ծնէր երկնային յոյսը, Բեթղեհէմի մէջ կը ծնէր Աստուծոյ Որդին՝ դառնալով յոյսը համայն մարդկութեան:

Բեթղեհէմը սոսկ անցեալ չէ, այլ շարունակուող խորհուրդ ու յաւիտենական պատգամ է: Աստուծոյ Որդին եղաւ յոյսի առաքեալ՝ Բեթղեհէմէն մինչեւ Նազարէթ, Երուսաղէմէն մինչեւ թափուր գերեզման: Իր ուսուցումներուն ու հրաշքներուն ճամբով յոյս ներշնչեց բոլորին, հիւանդին ու հալածուածին, ճնշուածին ու կարիքաւորին: Պատգամեց բոլորին՝ ըսելով.- մի՛ վախնաք, այլ յոյսով կռանուած հաւատացէք, հաւատացէք յուսալով եւ յուսացէք հաւատալով: Մահուան վրայ տարած յաղթանակով, Քրիստոս յարութեան յաղթանակի յոյսը տուաւ: Վերստին վերադառնալու խոստումը տալով, Քրիստոս յոյսով ապրելու ու յոյսով տագնապները դիմագրաւելու հաւատքը ու կամքը տուաւ իր հետեւորդներուն:
Արդարեւ, քրիստոնէական կեանքի ամէնէն զօրեղ կռուաններէն մէկն է յոյսը: Մկրտութեան ճամբով մարդը Քրիստոսի հետեւելու ուխտը կը կատարէ՝ ընդունելով զՔրիստոս որպէս հաւատքի վահան, սիրոյ ճանապարհ ու յոյսի աղբիւր:
Յոյսը սոսկ զգացական վիճակ մը կամ տեսական երեւոյթ մը չէ. ան Բեթղեհէմի ճամբով աշխարհին տրուած երկնային պարգեւ է: Քրիստոնեան կոչուած է յոյսը ապրելու իր կեանքին մէջ՝ զայն դարձնելով իր մտածումներուն ու գործերուն, իր ողջ կեանքին ամուր շաղախը, զայն դարձնելով իր կեանքին խաւարը վանող ու հորիզոնը լուսաւորող Քրիստոսի պայծառակերպիչ ներկայութիւնը:

Կ՚ապրինք բազմազան տագնապներով լեցուն ժամանակներու մէջ: Քաղաքական, տնտեսական, կենսոլորտային ու բազմաթիւ այլ տագնապներու եւ պատերազմներու հետեւանքները յուսահատութեան ու անորոշութեան մթնոլորտ ստեղծած են ամէնուրեք: Նոյն մթնոլորտին մէջ կ՚ապրի նաեւ համայն հայութիւնը:
Հայաստանի մէջ, Արցախի կորուստը, ցեղասպան դրացիներուն յոխորտանքը, շարունակուող արտագաղթը եւ արժէքներու նահանջը, փաստօրէն, ստեղծած են անորոշ կացութիւն ու յուսահատ մթնոլորտ ապագային նկատմամբ:
Սփիւռքը, իր կարգին, կը շարունակէ տատանիլ անորոշութեան ու յուսահատութեան ալիքներուն մէջ: Արեւմտեան երկիրներու մէջ հաստատուած մեր գաղութները շրջապատուած են այնպիսի պայմաններով, որոնք արագընթաց մաշումի կ՚ենթարկեն մեր ժողովուրդի զաւակներուն հայօրէն գոյատեւումը:
Միջին Արեւելքի մէջ ստեղծուած ներկայ պայմանները յառաջացուցած են վտանգներով յղի անորոշութեան մթնոլորտ մը: Հակառակ այն իրողութեան, որ Լիբանանի ու Սուրիոյ մեր համայնքները անմիջականօրէն ենթակայ չեղան յաջորդական տագնապներու յառաջացուած վտանգին, սակայն կը շարունակեն կրել անոնց ծանր հետեւանքները, մասնաւորաբար ընկերատնտեսական մարզէն ներս:
Ըլլանք իրատես, բայց ոչ՝ յոռետես ու յուսահատ:

Լսենք Պօղոս առաքեալին պատգամը.- «Նեղութիւնները համբերութիւն կու տան, համբերութիւնը՝ տոկունութիւն, տոկունութիւնը՝ յոյս» (Հռ 5.4-5):

Որքա՜ն կը պատշաճի այս յիշեցումը մեր ժողովուրդի կեանքի ներկայ պայմաններուն:
Արդ, հարկ է հեռու մնալ զգացական մօտեցումներէ, միակողմանի դատումներէ ու մակերեսային արժեւորումներէ եւ տագնապները դիմագրաւել համբերութեամբ ու իմաստութեամբ: Հարկ է ազգին ոյժերու համախմբումով եւ ապագայատեսիլ հաւատքով ու ամուր վճռակամութեամբ պայքարիլ մեր Հայրենիքին ու մեր գոյութեան սպառնացող վտանգներու դէմ: Հարկ է Հայաստանի հզօրացումը նկատել գերագոյն իտէալ՝ համահայկական անխախտ յանձնառութիւն մը, որ պայմանաւորուած պէտք չէ ըլլայ անձերով ու իշխանութիւններով:

Սփիւռքի վերակազմակերպումի ծիրէն ներս, Մերձաւոր Արեւելքի ու յատկապէս Լիբանանի ու Սուրիոյ մեր համայնքներուն վերականգնումը պէտք է դառնայ համազգային առաջնահերթութիւն: Այս գաղութները սովորական իմաստով գաղութներ կամ համայնքներ չեն, նկատի ունենալով անոնց ներկայացուցած պատմական, քաղաքական, աշխարհաքաղաքական, կրօնական իւրայատկութիւնները եւ յատուկ դերակատարութեան կարեւորութիւնը՝ թէ՛ մեր ժողովուրդին, թէ՛ Հայաստանին եւ թէ՛ շրջանի պետութիւններուն համար:
Տագնապները ու դժուարութիւնները եւ անոնց յառաջացուցած հետեւանքները տակաւին կրնան յամենալ մեր շուրջը: Ըլլանք համբերող ու յուսալից: Քրիստոնէական մեր հաւատքը կը մղէ մեզ ամրօրէն կառչելու յոյսին: Հայուն վերականգնելու կամքը կ՚առաջնորդէ մեզ վերանորոգ ոգիով ու միակամ ճիգով մասնակից դառնալու հայ ժողովուրդի վերածաղկումին:

Դա՛րձեալ լսենք պատգամը Պօղոս առաքեալին.- «յոյսը երբեք ամօթով չի ձգեր» (Հռ 5.5):

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/01/2025, 08:42