Որոնել

2022.01.06 Epifania

Ս. Ծննդեան տօնին ընդառաջ. Աւանդութեանց պահպանումը` ապագայի գրաւական

«Այսօր տօն է Սուրբ Ծննդեան, աւետիս Տեառն մերոյ եւ յայտնութեան, աւետիս Այսօր արեւն արդարութեան, աւետիս Երեւեցաւ ի մէջ մարդկան, աւետիս» ՄՈՎՍԷՍ ՔԵՐԹՈՂ «Տաղ Ծննդեան»

Կարճ ժամանակ մը մեզ կը բաժնէ տօնական մթնոլորտէն: Կը պատրաստուինք դիմաւորելու աշխարհի Փրկիչին` Յիսուս Քրիստոսի Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնը: Այս տօնը իւրայատուկ է անով, որ ուրախութեան, խաղաղութեան, խոնարհութեան պատգամ տալէ բացի, կը տօնենք նաեւ Քրիստոսի ս. մկրտութիւնը, որ նոյնինքն իր աստուածութեան յայտնաբերումն է:

Ս. Ծննդեան տօնին կապուած շարք մը աւանդութիւններ կան, որոնցմէ ոմանք պահուած են, իսկ ուրիշներ ժամանակի սլացքին հետ մասամբ սկսած են նահանջել:

Ահա անոնցմէ կարեւորագոյնները լուսարձակի տակ կը բերենք զանոնք վերականգնելու առաջադրանքով ու փափաքով:

Ս. Ծննդեան Սեղանի Պատրաստութիւն.  

Ս. Ծննդեան տօնին նախորդող Յիսնակի պահքը կը համարուի երկրորդ մեծագոյն պահքը Ս. Զատիկի պահեցողութենէն ետք: Այս ալ, իր կարգին, հոգեւոր պատրաստութիւն է Հայց. եկեղեցւոյ տաղաւար առաջին տօնին` Ս. Ծնունդի նախօրեակին: Ասկէ ոչ շատ հեռու տարիներուն բարեպաշտ մարդիկ պահեցողութիւն կ’ընէին, որպէսզի մաքուր սրտով ու հոգւով դիմաւորեն հրաշափառ Ս. Ծնունդը: Ըստ մեր սուրբ հայրերու հաստատած օրէնքին, անիկա կը բացուի 5 յունուարին Ճրագալոյցի պատարագով: Ս. պատարագէն ետք Ս. Ծննդեան սեղանը մեր աւանդութեան մաս կը կազմէ: Սեղանը պէտք է ներառէ ձուկ, որ կը խորհրդանշէ քրիստոնէութիւնը: Ասոր պէտք է ընկերակցի բրինձով, չամիչով եւ չոր միրգերով պատրաստուած եղինձը, որ ունի իր իւրայատուկ իմաստը: Բրինձը կը խորհրդանշէ մարդկութիւնը, իսկ չամիչները` Աստուծոյ ընտրեալ զաւակները: Հայկական Ս. Ծնունդի սեղանին վրայ պէտք է գտնուի նաեւ կաղամբով տոլման: Գինին արտօնուած է, որովհետեւ կը խորհրդանշէ Քրիստոսի արիւնը:

Ներկայիս Ս. Ծննդեան տօնի սեղանը, երբեմն ընտանիքի մէջ ոչ գիտակ անձերու բացակայութեան փոխարինուած է սովորական ճաշացուցակով, որ ձեւով մը կը հեռացնէ մեզ մեր արմատներէն:

Ճրագալոյցի Ս. Պատարագ 

Ճրագալոյց բառը երբ ստուգաբանենք, կը տեսնենք, որ անիկա յառաջացած է «ճրագ» եւ «լուցանել» բառերէն, որ կը նշանակէ ճրագ վառել: Ճրագալոյցը, որ կը զուգադիպի Ս. Ծննդեան տօնին նախորդող օրուան, կը սկսի ճաշու ժամերգութեամբ, որուն կը յաջորդեն մարգարէական ընթերցումներ, իսկ աւարտին կը կարդացուի Դանիէլի մարգարէութիւնը:

Այնուհետեւ կը մատուցուի սուրբ պատարագ, որուն աւարտին եկեղեցւոյ երգեցիկ դպրաց դասը կ՛աւետէ բարի լուրը եւ կ՛երգէ «Խորհուրդ մեծ եւ սքանչելի» շարականը: Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը կը շնորհաւորէ ներկաները «Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ» աւետիսով, իսկ ժողովուրդը կը պատասխանէ «Օրհնեալ է յայտնութիւնն Քրիստոսի»:  Հաւատացեալներ եկեղեցւոյ ս. խորանէն վառած լոյսով կը վառեն իրենց ճրագները եւ տուն կը տանին ճրագը` Քրիստոսի լոյսով լուսաւորելու համար իրենց բնակարանները: Բարեբախտաբար այս երեւոյթը պահուած է մեր ժողովուրդին մէջ, սակայն երիտասարդներ աւելի մեծ թիւով պէտք է մասնակցին Ճրագալոյցի ս. պատարագին` հաւատարիմ մնալու համար մեր պապերէն եկած հաւատքին:

Աւետաբեր Խումբեր

Ճրագալոյցի պատարագէն ետք եկեղեցիներու դպրաց դասերէ կազմուած աւետաբեր երգեցիկ խումբեր կը սկսին շրջիլ թաղերն ու ծխայիններուն բնակարանները` աւետելու համար Քրիստոսի ծննդեան աւետիսը: Որքա՜ն հոգեգրաւ է, երբ գիշերը կամ առաւօտեան վաղ ժամերուն նուագարաններով կը լսուին «Խորհուրդ մեծ» եւ «Այսօր տօնն է Ս. Ծննդեան, աւետիս» շարականները եւ «Լուռ գիշեր» ու «Ծափ զարկ աշխարհ» երգերը: Անոնք աւետելէ ետք փոքր յուշանուէր ալ կը բաժնեն ունկնդիր հաւատացեալներուն: Այս ալ մեր` հայերուս իւրայատկութիւնն է Խաղաղութեան Իշխանին աւետիսը տարածելու հայ թէ տեղացի բնակչութեան մէջ: Մերօրեայ իրականութեան մէջ պակսած է թիւը աւետաբեր երգեցիկ խումբերու, սակայն պահուած է աւանդութիւնը:

Ս. Ծննդեան Պատարագ

Հայ հաւատացեալը արդեօ՞ք պէտք է սպասէ Ս. Ծննդեան տօնին, որպէսզի եկեղեցի յաճախէ: Պատասխանը բնականաբար ոչ է: Այս հաւատքի տաճարները մեր հոգեւոր դաստիարակութեան, սնունդի եւ հոգեկան անդորրի սրբարաններ են: Հոն է, որ հաւատացեալը, քրիստոնեան կը գտնեն հոգեկան խաղաղութիւն: Իրաւացի են Վահան Թէքէեանի «Եկեղեցին հայկական» բանաստեղծութեան հետեւեալ տողերը, որուն մէջ կը շեշտէ Հայ եկեղեցւոյ առանցքային դերը մեր կեանքին ընթացքին.

«Եկեղեցին Հայկական մեծ վարագոյր մ՛է բացուած,
Որուն ետեւ, սըկիհին մէջ, կ՛իջնէ ի՛նքը Աստուած,
Որուն առջեւ` գլխահակ կու գայ իմ ազգըս ամբողջ
Հաղորդուիլ անցեալին հաց ու գինիով կենսառողջ»:

Չենք թերագնահատեր հայ հաւատացեալներուն ներկայութիւնը Ս. Ծննդեան պատարագին, սակայն ինչո՞ւ ասիկա պիտի չըլլայ տարուան բոլոր կիրակիներուն, երբ եկեղեցին իր զանգակի ղօղանջով մեզ կը հրաւիրէ Տիրոջ ներկայութեան փառք տալու համար բոլոր բարիքներուն համար:

Անշուշտ պէտք չէ մոռնալ, որ Ս. Ծննդեան պատարագի աւարտին կը կատարուի ջրօրհնէքի արարողութիւնը, որ կը խորհրդանշէ Քրիստոսի մկրտութիւնը Յորդանան գետին մէջ: Հաւատացեալներ միւռոնով օրհնուած  ջուրը տուն կը տանին` ի բժշկութիւն մեր հիւանդներուն եւ յօրհնութիւն մեր ընտանիքներուն:

Ս. Ծննդեան Շնորհաւորանք

Ս. Ծննդեան պատարագի աւարտին ընտանիքի անդամները մօտիկ անցեալին կը համախմբուէին նահապետական հօր բնակարանը` անոր օրհնութիւնը ստանալու, շնորհաւորելու ծնողները եւ խորհելու օրուան խորհուրդին մասին: Ապա պէտք էր մեկնէին հարազատներու բնակարաններ` անոնց ալ տալու այս մեծ աւետիսը: Ներկայիս գրեթէ վերցուած է այս սովորութիւնը եւ փոխարինուած` բջիջային հեռաձայնի Ս. Ծննդեան շնորհաւորական բացիկի մը ուղարկումով: Հակառակ անոր որ արհեստագիտութիւնը իր բազմապիսի առաւելութիւնները ունի, սակայն այս պարագային մարդը դարձուց իր գերին եւ խաթարեց մարդկային յարաբերութիւններն, ու մեր աւանդութիւնները սկսան մասամբ վերցուիլ:

Տնօրհնէքի Այցելութիւն 

Հինէն եկած մեր աւանդութեան մաս կը կազմէր նաեւ Ս. Ծնունդի եւ Ս. Զատիկի տօներուն տնօրհնէքի արարողութիւնը, որ կը կատարուէր ծխական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւին կողմէ: Այս ալ իր բարերար ազդեցութիւնը ունէր եւ քահանայ հայր-ժողովուրդ յարաբերութիւնը կ’ամրապնդէր: Խնկաբոյր աղօթքի եւ օրհնաբեր այցելութեան դրական մթնոլորտը «Քորոնա» համավարակէն ետք սկսաւ նահանջել, որուն վերսկսումը անպայման պիտի սատարէ հովիւ-հօտ յարաբերութեան վերականգնման:

Վերադարձ Դէպի Ակունք

Մենք` տարասփիւռ հայերս, մեր գոյութիւնը պահելու եւ վառ պահելու համար մեր պապերուն հաւատքի ջահը պէտք է վերադառնանք մեր արմատներուն, վերականգնենք մեր հաւատքը աղօթելով եւ մեր զաւակներուն վարժեցնենք Աստուծոյ տաճարին հանդէպ նախանձախնդիր ըլլալու: Թող որ Բեթղեհէմի լուսաւոր աստղը լուսաւորէ մեր կեանքի մութ ու խորտուբորտ ճամբաները, մեր միտքը լուսաւորէ, որպէսզի մեզմէ իւրաքանչիւրին տրուած շնորհքը ծառայեցնենք մարդոց, մեր նահապետական ընտանիքներուն, մեր հայ ածուին եւ եկեղեցւոյ ճամբով` Աստուծոյ:

Բարի՛ Ս. Ծնունդ:

ԿԱՐՕ ԱՂԱԶԱՐԵԱՆ

 

Աղբիւրը` Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/01/2025, 15:40