Որոնել

Երեւան Երեւան  (AFP or licensors)

Չեխական նշանաւոր կայք մը Հայաստանը ներառած է 2025ի ամէնէն հետաքրքրական արձակուրդի վայրերու ցանկին վրայ

Novinky.cz-ի յօդուածին մէջ Հայաստանի մասին կը խօսուի իբրեւ աշխարհի հնագոյն գինեգործական շրջաններէն մէկը, ուր յայտնաբերուած է ամէնէն հին խաղողի այգին` Արենի-1ը, որ թուագրուած է Ն.Ք. 4100-4000 թուականով: Գինիի սիրահարներուն համար Հայաստանը կ՛առաջարկէ ոչ միայն համեղ գինիներ, այլ նաեւ եզակի կարելիութիւն` ծանօթանալու գինեգործութեան դարաւոր աւանդութիւններուն:
Ունկնդրէ լուրը

Չեխական նշանաւոր Novinky.cz լրատուական կայքը Հայաստանը ներառած է 2025ի ամէնէն հետաքրքրական արձակուրդի ուղղութիւններու ցանկին վրայ: Ըստ «Արմէնփրէս»ի՝ այս տեղեկութիւնը ընդգրկող յօդուածին մէջ կը նշուի, որ հարուստ պատմութիւնը եւ մշակոյթը, բնութեան անկրկնելի գեղեցկութիւն եւ գինիի արտադրութեան հնագոյն աւանդութիւնները Հայաստանը ճանապարհորդներուն համար կը դարձնեն անզուգական ուղղութիւն մը:

Novinky.cz-ի յօդուածին մէջ Հայաստանի մասին կը խօսուի իբրեւ աշխարհի հնագոյն գինեգործական շրջաններէն մէկը, ուր յայտնաբերուած է ամէնէն հին խաղողի այգին` Արենի-1ը, որ թուագրուած է Ն.Ք. 4100-4000 թուականով: Գինիի սիրահարներուն համար Հայաստանը կ՛առաջարկէ ոչ միայն համեղ գինիներ, այլ նաեւ եզակի կարելիութիւն` ծանօթանալու գինեգործութեան դարաւոր աւանդութիւններուն:

Յօդուածին մէջ կը խօսուի նաեւ Հայաստանի պատմական եւ մշակութային գանձերուն մասին: Երեւան, որ կը գտնուի Հայաստանի կեդրոնը, յարմարօրէն տեղակայուած է երկրի յայտնի տեսարժան վայրերը այցելելու համար: Յատուկ ուշադրութեան արժանացած են Խոր Վիրապի վանքը, ուրկէ կը բացուի հիասքանչ տեսարան մը դէպի Արարատ լեռը, ինչպէս նաեւ Սեւանայ լիճը, Սեւանավանքը եւ ժայռափոր Գեղարդի վանքը, որ ԵՈՒՆԵՍՔՕի համաշխարհային ժառանգութեան ցանկին վրայ է:

Յօդուածին մէջ Հայաստանը կը ներկայացուի՝ իբրեւ երկիր մը, որ կը յատկանշուի համեմատաբար մատչելի գիներով:

Հայաստանը նաեւ կ՛անուանուի քրիստոնէութեան բնօրրան, որ պիտի հետաքրքրէ նոյնիսկ այն ուղեւորները, որոնք սովորաբար չեն հետաքրքրուիր հոգեւոր վայրերով: Տեղւոյն հոգեւոր եւ պատմական կեդրոնները, ինչպէս նաեւ Հայաստանի մշակութային ժառանգութիւնը կը խոստանան իւրայատուկ տպաւորութիւններ իւրաքանչիւր այցելուի համար:

Աղբիւրը՝ Ասպարէզ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/01/2025, 07:00