Որոնել

Ըլլանք հօր սիրոյն լուսաւոր վկաները. Ֆրանչիսկոս Պապ

«Աստուած կանգ չառներ մարտահրաւէրներուն դիմաց, հազար ու մէկ ձեւ կը գտնէ հասնելու բոլորին, մեզմէ իւրաքանչիւրին… մարդկութեան ամենամութ գիշերներուն մէջ եւս բանալով լոյսի պատուհաններ, զոր խաւարը չի կարող ծածկել» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը ակնարկելով մերօրեայ իրականութեան, աշխարհի մը` որ կարիքը ունի լոյսի, յոյսի ու խաղաղութեան, եւ որուն մէջ կանչուած ենք նմանելու սէր Աստուծոյն, լոյսի նշոյլներ բանալով ամենուրէք...
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի` 5 Յունուար 2024ի կէսօրին Ֆրանչիսկոս Պապը Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը արտասանեց իր գրասենեակի պատուհանէն, Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներու ներկայութեամբ, որոնցմէ շատերը Հռոմ ժամանած են Յոբելենական տօնին առիթով կատարելու իրենց յոյսի ուխտագնացութիւնը։

Խաւարին մէջ լուսաւորող լոյսը

Այս առթիւ Ան մեկնաբանեց Սուրբ Յովհաննէսի Աւետարանէն քաղուած հատուածը (Յովհ 1,1-18), որ, ըսաւ Ան, մեզի կը յիշեցնէ, թէ «լոյսը խաւարի մէջ կը լուսաւորէր ու խաւարը զայն չի յաղթեց», ցոյց տալով Աստուծոյ սիրոյն զօրութիւնը, որ հակառակ բոլոր արգելքներուն ու մերժումներուն, կը շարունակէ լուսաւորել մեր ուղեւորութիւնը։

Այս սէրը կը նշմարենք Ծնունդին մէջ, երբ Յիսուս` մարդեղացած Բան, կը յաղթահարէ բաժանումներն ու նախապաշարումները, կեանքը կիսելով Մարիամի եւ Յովսէփի հետ աղքատութեան մէջ, ընկալելով կղզիացուած հովիւները ու զինք փնտռող Մոգերը։

Աշխարհը կարիքն ունի լոյսի, յոյսի ու խաղաղութեան,

«Աստուած արդարեւ կանգ չառներ մարտահրաւէրներուն դիմաց, ան հազար ու մէկ ձեւ կը գտնէ հասնելու բոլորին, մեզմէ իւրաքանչիւրին… մարդկութեան ամենամութ գիշերներուն մէջ եւս բանալով լոյսի պատուհաններ, զոր խաւարը չի կարող ծածկել» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը ակնարկելով մերօրեայ իրականութեան, աշխարհի մը` որ կարիքը ունի լոյսի, յոյսի ու խաղաղութեան, եւ որուն մէջ կանչուած ենք նմանելու սէր Աստուծոյն, լոյսի նշոյլներ բանալով ամենուրէք...կը հրաւիրէ վախ չունենալու եւ մօտիկութեան լուսաւոր պատուհաններ բանալու, տառապողներուն, պատուհաններ ներումի, մերձեցումի եւ հաշտութեան։

Ըլլանք հօր սիրոյ լուսաւոր վկաները

«Յոբելենական տարին մեզ կը հրաւիրէ ըլլալու յոյսի պատգամաւորներ, կեանք պարգեւող կեանքի ընտրութիւններ կատարելով» ըսաւ ի միջի ալոց Սրբազան Պապը հուսկ հրաւիրեց մենք մեզի հարց տալու ի՞նչպէս կարող ենք լոյսի պատուհաններ բանալ մեր միջավայրին ու մեր յարաբերութիւններուն մէջ, եւ խորհրդածութիւնը եզրափակեց հայցելով` որ «Մարիամը մեզի օգնէ, որպէսզի ըլլանք Հօր սիրոյն լուսաւոր վկաները»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/01/2025, 12:08

«Հրեշտակ Տեառն»ը աղօթք մըն է որ կ՛արտասանուի օրը երեք անգամ ի յիշատակ Մարդեղութեան խորհուրդին – առաւօտեան 6-ին, կէսօրին ու երեկոյեան 18-ին, պահը երբ կը հնչէ «Հրեշտակ Տեառն»ի զանգակը։ Աղօթքին անունը առնուած է աղօթքին առաջին բառերէն «Հրեշտակ Տեառն աւետեաց Սրբոյ Կուսին Մարիամու» ու բաղկացած է երեք փոքրիկ նախադասութիւններէ որոնք կը հային Յիսուս Քրիստոսի Մարդեղութեան, ապա երեք Ողջոյն Քեզ Մարիամ աղօթք։ Սոյն աղօթքը կ՛արտասանէ Սրբազան Քահանայապետը, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ, Կիրակի օր կէսօրին ու Տօնական օրերուն առթիւ։ Հրեշտակ Տեառն աղօթքէն առաջ Քահանայապետը կը ներկայացնէ հակիրճ խորհրդածութիւն մը, ներշնչուելով օրուան սուրբգրային ընթերցումներէն, որուն կը յաջորդէ նաեւ ուխտաւորներուն ուղղուած ողջոյնի խօսքը։ Սուրբ Զատիկէն մինչեւ Պենտեկոստէի տօնը, Հրեշտակ Տեառն-ի տեղ կ՛արտասանուի «Ուրախ լեր Թագուհի Երկնից» աղօթքը, որ Յիսուս Քրիստոսի Յարութեան յիշատակին աղօթքն է, որուն աւարտին «Փառք Հօր»ը կ՛արտասանուի երեք անգամ։

Վերջին «Հրեշտակ Տեառնը» / «Ուրախ լեր Թագուհի երկնից»

Կարդալ բոլորը >