2023..11.06 Messa Patriarca Maronita Card.Bechara Rai. Domenica 5 novembre 2023-Bkerke-Libano

Ռայի Պատրիարք. «Լիբանանցիներուն հետ կը սպասենք ամօթալի դատարկութենէն ետք ներկայ փուլին յարմար Նախագահի ընտրութեան»

Կ՛աղօթենք, որպէսզի ժողովուրդին երեսփոխանները ընտրեն երկրի իր արժանիքներով ներկայ պատմական իւրայատուկ փուլին յարմարագոյնը եղող նախագահը:

Մարոնիներու Ռայի պատրիարքը կիրակի օրուան իր քարոզին մէջ յայտնեց, որ լիբանանցիները կը սպասեն 9 յունուարի օրուան, երբ երեսփոխանները պիտի ընդառաջեն երկու տարի եւ երկու ամիս տեւողութեամբ եւ սահմանադրութեան մէջ որեւէ արդարացում չունեցող դատարկութենէ ետք հանրապետութեան նոր նախագահ ընտրելու հրաւէրին:

«Կ՛աղօթենք, որպէսզի ժողովուրդին երեսփոխանները ընտրեն երկրի իր արժանիքներով ներկայ պատմական իւրայատուկ փուլին յարմարագոյնը եղող նախագահը: Երկիրը կարիքը ունի նախագահի մը, որ ներքին ու արտաքին գետնի վրայ վստահութիւն կը վայելէ, նախագահ մը, որ կը հաւատայ հաստատութիւններուն եւ զանոնք կեանքի կը կոչէ, նախագահ մը, որ կարող է տնտեսութիւնը կանգնեցնել եւ լիբանանեան տարբեր շրջաններուն, մասնաւորաբար հարաւային Լիբանանի, Պէյրութի Հարաւային արուարձաններուն, Պեքայի, Պաալպեքի եւ այլ շրջաններու մէջ քանդուած տուները վերաշինել, նախագահ մը, որ քաղաքացիներուն միջեւ ներքին միասնականութիւն կը ստեղծէ», նշեց պատրիարքը:

Ռայի պատրիարքը յայտնեց, որ ինք կ՛աղօթէ, որ Աստուած երեսփոխանական պլոքները ներշնչէ նախագահի լաւ ընտրութիւն կատարելու:

Ան նաեւ ողջունեց հարազատները Անտոնեան երկու վարդապետներ Ալպեր Շըրֆանի եւ Սլէյման Ապի Խալիլի, «որոնք 13 հոկտեմբեր 1990-ին սուրիական բանակին Լիբանան մուտք գործելէն մէկ օր ետք Պէյթ Մերիի մէջ առեւանգուեցան»` պահանջելով բացայայտել անոնց ճակատագիրը:

 

Աղբիւրը` Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/12/2024, 07:52