2024.12.27 Inaugurazione della strada intitolata ala Cardinal Agagianian a Beirut - Libano

Կարդինալ Աղաճանեան փողոցին հանդիսաւոր բացումը

Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ – Սուրբ Եղիա Հայ Կաթողիկէ աթոռանիստ տաճարին ներառնումը Լիբանանի կրօնական զբօսաշրջութեան քարտէզին մէջ
Ունկնդրէ լուրը

Կիրակի, 22 Դեկտեմբեր 2024-ին, երեկոյեան ժամը 6-ին, Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ն.Ա.Գ.Տ.Տ. Ռափայէլ-Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս-Պատրիարքին հրաւէրով ու ներկայութեամբ՝ Ն.Ա. Եունան Ասորի Կաթողիկէ Պատրիարքին, քրիստոնեայ տարբեր համայնքներու ներկայացուցիչներուն, նախարարներու եւ պետական երեսփոխաններու, տեղի ունեցաւ շքեղ հանդիսութիւն մը «Տըպպաս» հրապարակին վրայ գտնուող «Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ – Ս. Եղիա» հայ կաթողիկէ աթոռանիստ եկեղեցիին մէջ:

Հանդիսութիւնը սկիզբ առաւ յատուկ արարողութեամբ, որուն ընթացքին աթոռանիստ եկեղեցիին կողքին գտնուող «Կարդինալ Աղաճանեան փողոց»-ին հանդիսաւոր բացումը կատարուեցաւ: Այնուհետեւ, զբօսաշրջիկութեան նախարարը՝ Պրն. Ուալիտ Նասսար պաշտօնապէս յայտարարեց, որ աթոռանիստ տաճարը կը ներառուի կրօնական զբոսաշրջիկութեան քարտէզէն ներս՝ բարձր գնահատելով անոր ներդրումը Լիբանանի կրօնական ու մշակութային զբօսաշրջութեան զարգացումին մէջ:

Ապա, խօսեցաւ Պէյրութի նահանգապետը՝ դատախազ Մարուան Ապուտ, որ անդրադարձաւ այս ձեռնարկին կարեւորութեան եւ լուսարձակի տակ առաւ աթոռանիստ եկեղեցիին պատմական ու մշակութային արժէքը, ինչպէս նաեւ անոր ունեցած դերը քաղաքին կրօնական ինքնութեան պահպանումին մէջ:

«Ֆելուքալիա» երգչախումբը, ղեկավարութեամբ քոյր Մարանա Սաատին, բացառիկ շունչով կատարեց հայերէն շարականներ եւ երգեր, որոնք արժանացան ներկաներուն գնահատանքին: Հանդիսութիւնը վերջ գտաւ Ամենպտ. Հոգեւոր Տիրոջ պատգամով:

Կարդինալ Աղաճանեան փողոցին հանդիսաւոր բացումը
Կարդինալ Աղաճանեան փողոցին հանդիսաւոր բացումը

Ամենապատիւ Պատրիարք Եղբայր,

Արհիապատիւ Գերապայծառներ,

Պատուարժան նախարարներ ու երեսփոխաններ,

Յարգարժան Պէյրութի նահանգապետ,

Սիրելի ներկաներ,

Բարի եկա՛ք Ձեր տունին մէջ, Աստուծոյ սրբազան տունին մէջ, ալեկոծ ու վտանգաւոր փոթորիկներէն, դժուարութիւններէն, տանջանքներէն եւ ողբերգութիւններէն ետք, որոնց յաջորդեցին ուրախութեան ու խորին երախտագիտութեան օրերը:

Ձեզ կ'ընդունինք ուրախութեամբ ու հրճուանքով, որպէսզի ականատես դառնանք այս աթոռանիստ սուրբ եկեղեցիին պատմական օրուան, երբ «Տըպպաս» հրապարակին վրայ գտնուող՝ «Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ – Սուրբ Եղիա» հայ կաթողիկէ աթոռանիստ տաճարը մաս պիտի կազմէ միջազգային զբօսաշրջիկութեան համայն ընտանքին: Այս աթոռանիստ եկեղեցին, զոր Աստուծոյ Ծառայ Կարդինալ Աղաճանեան կառուցանել տուաւ 1958-ին:

Այս սքանչելի իրագործումը իսկական վկայութիւն է Լիբանանի կրօնական ու մշակութային ժառանգութեան, որ կ'արտացոլայ անոր փառաւոր դերն ու պատմութիւնը, ինչպէս նաեւ անոր հնամեայ մշակոյթը, որ դարերու ընթացքին հաստատուն մնաց բոլոր դժուարութիւններուն ու մարտահրաւէրներուն ի հեճուկս:

Այս վսեմ եղելութիւնը մեզի կը յիշեցնէ ամենայն երախտագիտութեամբ ու հպարտանքով ազգային հանդիսաւոր արարողութիւնը, որ տեղի ունեցաւ Պէյրութի «Նահատակաց» հրապարակին վրայ անցեալ Սեպտեմբեր 12-ին, երբ մեծարեցինք Աստուծոյ Ծառայ կարդինալ Աղաճանեանը, եւ որուն մասնակցեցան բոլոր համայնքներէն ու կրօնական խմբաւորումներէն, ազգային եւ քաղաքական ոյժերէն, սիրով ու եղբայրութեան ոգիով՝ մէկ ընտանիքին պէս եւ մէկ հայրենիքին հովանիին ու դրօշին տակ:

Այս բացառիկ առիթները կ'ընդգծեն մէկ հայրենիքին պատկանող զաւակներուն միջեւ միասնականութեան կարեւորութիւնը եւ նպատակը՝ ծառայելու հայրենիքին ի սպաս ժողովուրդներու եւ ազգերու միջեւ համերաշխութեան ու համակեցութեան:

Թանկագին առիթ մըն է, որպէսզի զոհաբերութեամբ, հաւատարմութեամբ ու սիրով յառաջանանք միասնաբար, ինչպէս նաեւ ամէնէն արագ ժամանակին մէջ հանրապետութեան նոր նախագահը ընտրենք: Այն նախագահը, որ իմաստութեամբ եւ ուղիղ տեսլականով պիտի առաջնորդէ Լիբանանը դէպի բարգաւաճ ու կայուն ապագայի մը՝ վերանորոգելով լիբանանցիներուն իղձերը՝ ապրելու համար ապահովութեամբ եւ խաղաղութեամբ:

Նախորդներուն նման՝ այս հանդիսութիւնը կը վերահաստատէ մեր միացեալ ջանքերն ու փափաքները, որոնք հիմնուած են իրաւունքներու եւ պարտաւորութիւններու հաւասարութեան վրայ: Կոչ կ'ուղղենք մեր սիրելի

Լիբանանի բոլոր զաւակներուն աղօթելու այս երկրին բարօրութեան, բարգաւաճումին եւ անկախութեան համար, որպէսզի մեր Տէրը՝ Յիսուս Քրիստոս մեզ կարեկցի իր Ծննդեան փառաւոր յիշատակին առիթով եւ մեզ ոգեշնչէ հասնելու համար յաջողութեան ու փափաքներու իրականացումին:

Այս հանդիսաւոր առիթին՝ Մեր շնորհակալութիւնն ու երախտագիտութիւնը կը յայտնենք զբօսաշրջիկութեան նախարարին՝ Պրն. Ուալիտ Նասսարին, անոր յարատեւ աջակցութեան եւ Լիբանանի ժառանգութեան տեսարժան վայրերը հրապարակ հանելու պատրաստակամութեան համար։ Նոյնպէս, մեծ շնորհակալութիւն կը յայտնենք Պէյրութի յարգարժան նահանգապետին՝ դատախազ Մարուան Ապուտին, անոր յարատեւ ու անկեղծ ջանքերուն համար:

Մեր խորին շնորհակալութիւնը կը յայտնենք նաեւ Պրն. Արամ Մալեանին, Եկեղեցիին հանդէպ անոր ծառայասէր աջակցութեան և «Կարդինալ Աղաճանեան» փողոցին գործընթացին մէջ իր մասնակցութեան համար։

Վերջապէս, շնորհակալութիւն կը յայտնենք Քոյր Մարանա Սաատին, «Ֆալանուքիա» երգչախումբին ղեկավարներուն եւ անդամ-անդամուհիներուն՝ իրենց արժէքաւոր ներդրումին եւ բացառիկ ելոյթին համար: Անոնք այս հանդիսութեան հաղորդեցին վեհութեան ու նրբագեղութեան մթնոլորտը՝ զայն վերածելով մնայուն յիշատակի մը սրտերուն ու մտքերուն մէջ:

Մարդասէր Աստուծմէ կը խնդրենք, որ օրհնէ այս հանդիսաւոր ձեռնարկը եւ ներշնչէ բոլորին՝ յանուն Լիբանանի վերելքին, յառաջդիմութեան ու բարգաւաճումին։

Պէյրութ, 22 Դեկտեմբեր 2024

† Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. Մինասեան

Կաթողիկոս-Պատրիարք

Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց

Կարդինալ Աղաճանեան փողոցին հանդիսաւոր բացումը
Կարդինալ Աղաճանեան փողոցին հանդիսաւոր բացումը

Հանդիսութեան աւարտին՝ Գերերջ. Հոգեւոր Տէրը պատրիարքական շքանշանով պատուեց զբօսաշրջիկութեան նախարարը, Պէյրութի նահանգապետն ու Պրն. Արամ Մալեանը, իբր գնահատանք այս ձեռնարկին յաջողութեան նպաստող անոնց տարած ջանքերուն:

Դիւան Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/12/2024, 08:32