Յիսուս մանուկի ծնունդի ներկայացումը Լոս Անճելըսի Հայ Քոյրերու վարժարանէն ներս

Կրօնի ուսուցիչ Պարոն Անթուան Պեզճեանին ջանքերով Առաջինէն մինչեւ եօթներորդ դասարանի աշակերտները փոքրիկ թատերախաղով ներկայացուցին Յիսուս մանուկի ծնունդը։ Ներկաներուն տարին 2000 տարի առաջ՝ փոքրիկ քարայր մը, ուր աղքատութեան ու առանձնութեան մէջ ծնաւ Աշխարհի Փրկիչը։

Սուրբ Ծնունդը մեր վարժարանի ամենագեղեցիկ ու սպասուած տօնն է։ Տօն, որ ամբողջ տարուայ ընթացքին աշակերտներուն սորված հոգևոր եւ կրօնական գիտելիքները կ՚ամբողջացուի մէկ բեմի վրայ ու կը փոխանցուի ներկաներուն։

Կրօնի ուսուցիչ Պարոն Անթուան Պեզճեանին ջանքերով Առաջինէն մինչեւ եօթներորդ դասարանի աշակերտները փոքրիկ թատերախաղով ներկայացուցին Յիսուս մանուկի ծնունդը։

Ներկաներուն տարին 2000 տարի առաջ՝ փոքրիկ քարայր մը, ուր աղքատութեան ու առանձնութեան մէջ ծնաւ Աշխարհի Փրկիչը։

«Երեխաներու ընդմէջէն եկէք տեսնենք իրական Քրիստոսի ծնունդը, տեսնենք մեզի բոլոր ժամանակներուն օրինակ դարձած Սուրբ Ընտանիքը, մայրութեան տիպար Մարիամին։ «Աստուած խոնարհեցաւ, մանկացաւ ու դրուեցաւ աղքատ մսուրի մը մէջ, որպէսզի մեզի ազատէ մեր մեղքերէն և երկնքի արքայութեանը արժանացնէ։ Մոռնանք մեր մտահոգութիւնները, մեր ցաւերը և երթանք Բեթղեհէմ քաղաքը տեսնելու մանուկ Յիսուսին, և հաւատալու, որ մենք փրկուած ու ազատագրուած ենք», -ներկաներուն խորհուրդ տուաւ Վարժարանիս ընդհանուր պատասխանատու Քոյր Լուիզա Գասարճեանը։

Ներկայացման համընթաց Սուրբ Ծննդեան գեղեցիկ երգեր հնչուեցան, որմէ յետոյ Առաջին և Երկրորդ դասարաններու աշակերտները Ամանորեայ երգերով ճոխացուցին մթնոլորտը եւ բարի Տարեմուտ մաղթեցին բոլոր ներկաներուն։

Հանդիսութիւնը աւարտեցաւ Սրբազան Հօր Միքայէլ Մուրատեանի օրհնութեամբ ու աղօթքով․ «Այսօր մեր հայկական գաղութները անորոշ վիճակի մէջ կը գտնուին, շատերը պատերազմի մէջ են։

Աղօթենք նաև անոնց համար, որ ունենան խաղաղ Սուրբ Ծնունդ։ Աստուած պահպանէ մեր Քոյրերուն, ուսուցիչներուն, աշակերտներուն եւ մանաւանդ ձեզ՝ ծնողներ, որպէսզի շարունակէք աշխատիլ, ձեր պարտականութիւնները կատարել, եւ ձեր զաւակները այս ներկայութիւնը ունենան ոչ միայն բեմի վրայ, այլև իրենց կեանքի մէջ»։

Քրիստոնէութիւնը սիրոյ, խաղաղութեան ու եղբայրասիրութեան կրօնն է, որ մանուկ հասակէն սերմանելով՝ թերեւս ապագային աւելի խաղաղ ու հանդուրժող աշխարհ ունենաք:

Թղթակից

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/12/2024, 09:31